Ճափոն Հայաստանին 39 հրշէջ մեքենայ պիտի տրամադրէ

By Asbarez | Tuesday, 20 December 2016

 

1220firetrucks

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայութեան տնօրէն, գնդապետ Մուշեղ Ղազարեան եւ Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութեան (JICA) արդիւնաբերութեան զարգացման եւ հանրային քաղաքականութեան վարչութեան գործադիր տնօրէնի գլխաւոր խորհրդական Հիրոյուքի Հայաշի 19 Դեկտեմբերին ստորագրած են <<Հայաստանում հրշէջ-փրկարարական գոյքի բարելաւում>> ծրագիրի նախապատրաստական ուսումնասիրութեան (դաշտային երկրորդ ուսումնասիրութիւն) վերաբերեալ քննարկումներու արձանագրութիւնը:

<<Հրշէջ սարքաւորումներու բարելաւում>> դրամաշնորհային ծրագիրի հիմնական նպատակն է արդիականացնել Սիւնիքի, Լոռիի եւ Շիրակի մարզային հրշէջ-փրկարարական ստորաբաժանումներու գոյքը եւ ինքնաշարժները, ինչ որ պիտի նպաստէ նշուած մարզերուն տնտեսական եւ ընկերային զարգացման։

Դրամաշնորհային ծրագիրին համաձայն՝ Ճափոնի կառավարութիւնը կը նախատեսէ Հայաստանին տրամադրել 36 հատ հրշէջ մեքենայ, 3 միաւոր սանդուխաւոր մեքենայ, շարժական արհեստանոցներ եւ պահեստամասեր, որոնք կը համալրեն վերոնշեալ մարզերու թեքնիք շտեմարանը:

Յիշեցնենք, որ 2010ին <<Երեւան քաղաքի հրշէջ գոյքի բարելաւում>> ծրագիրի շրջանակներուն մէջ Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութեան կողմէ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան նուիրաբերուած է 28 նոր հրշէջ-փրկարարական մեքենայ:

2010-2012ին <<Հայաստանում սէյսմիկ ռիսկի գնահատում եւ կառավարման պլանաւորում>> միացեալ ծրագիրով ճափոնական կողմը գնահատած է Երեւանի շէնքերուն վիճակը եւ պատրաստած համապատասխան կառավարման ծրագիր։

2014 թուականէն արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը եւ Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութիւնը կը գործադրեն <<Հայաստանում սողանքային աղէտի կառավարում>> եռամեայ ծրագիրը:

Հայ-ճափոնական փոխգործակցութեան շնորհիւ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը բազմաթիւ աշխատակիցներ վերապատրաստման եւ փորձի փոխանակման նպատակով գործուղուած են Ճափոն:

 



comments

Advertisement