By Asbarez | Tuesday, 20 December 2016
ՊԵՐԼԻՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Գերմանիոյ ոստիկանութիւնը Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20ին հաղորդեց, թէ ազատ արձակած է փաքիստանցի կասկածելի մը, որ մեղսակից կը նկատուէր մէկ օր առաջ Պերլինի մէջ տեղի ունեցած յարձակումին, մինչ յարձակումը իրականացնողին եւ իր գործակիցներուն հետապնդումը կը շարունակուի։
Յիշենք, որ Երկուշաբթի օր, բեռնակառք մը Պերլինի մէջ խուժած էր Կաղանդի աւանդական տօնավաճառի կեդրոն մը՝ սպաննելով 12 քաղաքայիններ եւ վիրաւորելով տասնեակներով ուրիշներ: Բեռնատարը կը պատկանի լեհական ընկերութեան մը, որուն սեփականատէրը պատմեց, թէ բեռնատարին վարորդը իր ազգականն էր, որ բեռը գերմանական պատուիրատու ընկերութեան պիտի հասցնէր Երկուշաբթի օր։ Սակայն աւելի ուշ բացայայտուեցաւ, որ այդ վարորդը սպաննուած է բեռնատարը առեւանգած զինեալ ահաբեկիչին կողմէ, որ իր կարգին կրցած է փախուստ տալ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ