By Asbarez | Tuesday, 20 December 2016
ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ֆարս>> - Դեկտեմբեր 20ին, Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները Մոսկուայի մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցան Սուրիոյ տագնապին շուրջ. ապա, հրապարակուած միացեալ յայտարարութեան մէջ անոնք շեշտեցին, թէ Սուրիոյ տագնապը ռազմական լուծում չի կրնար ունենալ եւ այսուհետեւ պէտք է շեշտը դնել քաղաքական լուծում մը գտնելու ջանքերուն վրայ։
Նախարարները նաեւ դրուատեցին արեւելեան Հալէպի մէջ պաշարուած քաղաքացիներու հեռացման առաջնորդած համաձայնութիւնը եւ պահանջեցին, որ պայքարը կեդրոնացուի <<Իսլամական պետութիւն>> եւ <<Ճապհաթ Նուսրա>> ահաբեկչական կազմակերպութիւնները չէզոքացնելու ջանքերուն վրայ։
Միւս կողմէ, մինչ արեւելեան Հալէպի ազատագրուած շրջաններուն մէջ մաքրագործման աշխատանքները կը շարունակուէին, Դեկտեմբեր 20ին հաղորդուեցաւ, որ քաղաքէն հեռացող զինեալներուն զուգահեռ, ցարդ 3400 զինեալ յանձնուած է սուրիական բանակին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ