By Asbarez | Tuesday, 20 December 2016
ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Թուրքիա եւ Ռուսիա որոշած են ստեղծել միացեալ յանձնաժողով մը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ Անգարայի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլովի սպանութեան հետաքննութիւնը կատարել։ Այս որոշումը տրուած է նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ կայացած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին՝ հիմնուած Փութինի առաջարկին վրայ։
Դեկտեմբեր 20ին, ռուս մասնագէտներու առաջին խումբը Անգարա ժամանեց՝ սկսելով հետախուզական աշխատանքներուն։
Նշենք, որ ահաբեկչական արարքէն անմիջապէս ետք, Փութին սպանութիւնը որակեց սադրանք մը, որուն նպատակն է խաթարել ռուս-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումն ու Սուրիոյ մէջ խաղաղ գործընթացը։
Միւս կողմէ, թրքական աղբիւրներ Դեկտեմբեր 20ին հաղորդեցին, որ դեսպանին սպանութեան առնչութեամբ ձերբակալուածներուն թիւը վեցի հասած է։ Ձերբակալուածներուն մէջ են դեսպանը սպաննած ոստիկանին ընտանեկան պարագաները։
Նաեւ, Իրան եւ Միացեալ Նահանգներ յայտարարեցին, որ ապահովական նկատառումներով՝ ժամանակաւորապէս կը փակեն Թուրքիոյ մէջ իրենց դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները։
ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը եւս ահաբեկչութիւն որակեց ռուս դեսպանին սպանութիւնը՝ կոչ ուղղելով, որ անյապաղ բացայայտուին եւ պատժուին անոր հեղինակները։
Մինչ Անգարա կը փորձէ այս յանցանքը եւս բեռցնել Ֆեթհուլլահ Կիւլենի վրայ, Կիւլեն իր կարգին նաեւ դատապարտեց դեսպանին սպանութիւնը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ