By Asbarez | Friday, 23 December 2016
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ֆարս>> - Թուրքիոյ զինուորական ուժերու հրամանատարութիւնը տեղեկացուց, որ հիւսիսային Սուրիոյ Պապ քաղաքը <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութենէն խլելու նպատակով մղուած կռիւներուն ընթացքին, Դեկտեմբեր 21ին առնուազն 14 թուրք զինուորներ սպաննուած են, եւ վիրաւորուած են 33 ուրիշներ, որոնց մէկ մասը ծանր վիճակի մէջ է։
Այս կորուստին փոխարէն, Թուրքիոյ զինեալ ուժերը, ներառեալ՝ ռազմական օդանաւեր, Դեկտեմբեր 21ին եւ 22ին ծանրօրէն ռմբակոկած են հակառակորդներու դիրքերը՝ 67 թիրախներ ոչնչացնելով եւ սպաննելով 138 իսլամ ծայրայեղական զինեալներ։
Թրքական ուժերը նաեւ ռմբակոծած են Պապի բնակարանային շրջանները՝ սպաննելով առնուազն 29 քաղաքացիներ, ներառեալ՝ 8 երեխաներ։
Յայտնենք, որ թրքական զինուորական ուժերն ու անոնց դաշնակից Սուրիոյ ազատ բանակը միասնաբար պաշարած են Պապը։
<<Անատոլու>> լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական ուժերը իրենց ամբողջական վերահսկողութեան տակ առած են Պապ-Հալէպ ճամբան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ