Ահաբեկիչներէ դատարկուած Հալէպ քաղաքը՝ ապահով եւ խաղաղ տարածք

By Asbarez | Friday, 23 December 2016

 

1223Aleppo

ՀԱԼԷՊ, <<Գանձասար>>, <<Ռոյթըրզ>> - Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22ին, հանրակառքերով ու շտապ օգնութեան մեքենաներով Հալէպի արեւելեան թաղամասերէն դուրս բերուած են հարիւրաւոր զինեալներ՝ իրենց ընտանիքներով միասին, ձիւնոտ պայմաններու տակ ամբողջացնելով Հալէպ քաղաքը ահաբեկիչներէ դատարկելու գործողութիւնը: Անոր զուգահեռ, զինեալներու հակակշիռին տակ գտնուող հիւսիսային Քաֆրիա եւ Ֆուաա աւաններուն մէջ պաշարուած բնակչութենէն նոր խումբ մը հանրակառքերով Հալէպ հասած է։

Սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը, աւելի ուշ, Հալէպը <<ապահով եւ խաղաղ տարածք>> հռչակեց։ Հրամանատարութիւնը շեշտեց, որ Հալէպի մէջ ապահովութեան վերահաստատումը մէկ կողմէ ռազմավարական շրջադարձ եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ անկիւնադարձ է, իսկ միւս կողմէ մահացու հարուած մը՝ ահաբեկչութեան ծրագիրին ու անոր աջակիցներուն։

Սակայն, Հալէպէն հեռացած զինեալները ընկերային ցանցերու միջոցաւ կը սպառնան կառավարութեան դէմ իրենց սկսած զինեալ պայքարը շարունակել այլ շրջաններու մէջ։

 

 



comments