Հալէպի ազատագրումը ահաբեկչութեան դէմ պայքարողներուն յաղթանակն է - Ըսաւ Ասատ

By Aztag Daily | Saturday, 24 December 2016



Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարեց, որ Հալէպի ազատագրումը <<ո՛չ միայն Սուրիոյ յաղթանակն է, այլ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք արդիւնաւէտ աւանդ կը ներդրեն ահաբեկիչներու դէմ պայքարին մէջ, առաջին հերթին` Ռուսիոյ եւ Իրանի>>:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի արաբական եւ ափրիկեան հարցերով օգնական Հուսէյն Ժապեր Անսարիի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին նախագահ Ասատ շեշտեց. <<Հալէպի ազատագրումը մեծ հարուած մըն է սուրիացի ժողովուրդին թշնամի բոլոր պետութիւններուն, որոնք ահաբեկչութիւնը իբրեւ իրենց շահերու ապահովման միջոց օգտագործեցին>>:

ՍԱՆԱ կը հաղորդէ, որ Ասատ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարին հետ քննարկած է <<դիւանագիտական այն ջանքերը, որոնք կը գործադրուին ահաբեկիչներու ելուզակ խումբերու դէմ սուրիական ժողովուրդին պարտադրուած պատերազմի դադրեցման համար, մասնաւորաբար` դեկտեմբեր 20-ին Մոսկուայի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպումին արդիւնքները>>:

<<Կողմերը կարեւոր նկատած են Հալէպի մէջ ձեռք բերուած յաջողութիւնը ամրապնդել սուրիական հողին վրայ ահաբեկչութեան մնացեալ օճախներու վերացումով եւ ստեղծելով անհրաժեշտ պայմաններ, որոնք վերջ պիտի դնեն տագնապին>>, կը նշուի ՍԱՆԱ-ի հաղորդագրութեան մէջ:

Միւս կողմէ` ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տէ Միսթուրա երէկ հաստատած է 8 փետրուարին Ժընեւի մէջ միջսուրիական բանակցութիւններու սկսելու վերաբերեալ նախապէս հրապարակած իր ծրագիրները:

Ան նշած է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ միաձայնութեամբ որդեգրուած թիւ 2328 բանաձեւը <<ազդակ դարձաւ` քաղաքական հոլովոյթի վերսկսման>>: <<Բանակցութիւններու ազդակ կայ վերականգնուած միասնութեան հիման վրայ>>, ըսած է տը Միսթուրա` աւելցնելով. <<Կը ծրագրենք 8 փետրուարին Ժընեւի մէջ վերսկսիլ միջսուրիական քաղաքական հոլովոյթը>>:

<<Ներկայիս առաջնահերթութիւնը քաղաքայինները Հալէպէն տարհանումն ու մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելն է>>, ըսաւ ան:

<<Կը ցանկայի, որ Ապահովութեան խորհուրդը աւելի միասնակամ ըլլար Հալէպի իրադարձութիւններուն նկատմամբ>>, ըսաւ տը Միսթուրա` յոյս յայտնելով, որ Հալէպի ողբերգութիւնը վերջ կը գտնէ Կաղանդի տօնէն առաջ:

 

comments