Նալբանդեան Տումայի պատուիրակութեան ներկայացուցած է Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքներու յաղթահարման ջանքերը

By Asbarez | Saturday, 24 December 2016

1224nalbandian

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 23 Դեկտեմբերին ընդունած է Ռուսիոյ Տումայի՝ ԱՊՀ երկիրներու գործերու, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի նախագահ Լէոնիտ Քալաշնիքովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նալբանդեան կարեւոր նկատած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ տարբեր ձեւաչափերով հաստատուած սերտ դաշնակցային գործակցութեան շարունակական ամրապնդումը եւ այս առումով արժեւորած է միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը:

Տումայի պատգամաւորները ընդ-գծած են, որ իրենց այցելութիւնը խորհրդանշական է, քանի որ Ռուսիոյ մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք ասիկա յանձնաժողովի առաջին օտարերկրեայ այցելութիւնն է:

Երկուստեք շեշտուած է Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ Ռուսիոյ Տումայի միջեւ առկայ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը:

Լէոնիտ Քալաշնիքով ներկայացուցած է նոր Տումայի եւ ԱՊՀ երկիրներու գործերով, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնաժողովի աշխատանքները, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող նախաձեռնութիւնները, Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովին հետ Երեւանի մէջ կայացած միացեալ նիստին արդիւնքները:

Անդրադարձ կատարուած է ԱՊՀ, ԵԱՏՄ, ՀԱՊԿ ծիրին մէջ համագործակցութեան: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հիւրերուն ներկայացուցած է Ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքներու յաղթահարման վերաբերող ջանքերը:

 



comments