Թուրքիոյ Քրտամէտ կուսակցութեան փոխնախագահը եւս ձերբակալուեցաւ

By Asbarez | Wednesday, 28 December 2016

1228toghlouk

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Դեկտեմբեր 26ին, Անգարայի մէջ ձերբակալուեցաւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան փոխնախագահ Այսել Թուղլուքը։

Թուղլուք ձերբակալուեցաւ Տիգրանակերտի դատախազութեան միջնորդութեամբ, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ իրականացուող հետաքննութիւններու ծիրէն ներս։ Ան ոստիկաններուն կողմէ տեղափոխուեցաւ Տիգրանակերտ։

Կը նշուի, որ նոյն հետաքննութեան ծիրէն ներս, նոյն օրը հինգ ուրիշներ եւս ձերբակալուեցան Տիգրանակերտի մէջ։

Թուղլուք 2007-2011ին եւ 2011-2015ին Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան էր։

Յիշենք, որ անցած Նոյեմբերին ձերբակալուեցան նոյն կուսակցութեան անդամ աւելի քան 10 երեսխոխաններ, ներառեալ՝ համանախագահներ Սալահետտին Տեմիրթաշն ու Ֆիկեն Եուքսեքտաղը։

 



comments