Այնքան ատեն որ Ատրպէյճան չ՛ընդունիր Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, անիմաստ է որեւէ փոխզիջման մասին խօսիլ. Կիրօ Մանոյեան

By Asbarez | Wednesday, 28 December 2016

 

1228giro

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - 26 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած տարեկան ամփոփիչ ասուլիսին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան, անդրադառնալով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ ի՞նչ է իր կարծիքը նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վերջին ելոյթին մասին, եւ ի՞նչ է ՀՅԴի դիրքորոշումը փոխզիջման գծով՝ Մանոյեան նշած է, որ Դաշնակցութիւնը արդէն իսկ իր տեսակէտը յայտնած էր Սեպտեմբեր 2ին՝ Արցախի Հանրապետութեան 25ամեակի հռչակման առիթով:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նշած է, որ իրենք Արցախի հարցին առչնութեամբ ո՛չ առաջին նախագահին, ո՛չ ալ երրորդ նախագահին մօտեցումներուն համաձայն են, հակառակ անոր որ անոնց մօտեցումներուն մէջ կան տարբերութիւններ: <<Ճիշդ չէ առաջին նախագահի այն հաստատումը, որ հիմա առաջարկուած է հէնց 97-98 թուականի դիրքորոշումը, բայց երկու դէպքում էլ մենք դէմ ենք ե՛ւ 97-98ի, ե՛ւ ներկայիս առաջարկուածի հետ>>, ընդգծած է Մանոյեան:

Ըստ անոր, այնքան ատեն որ Ատրպէյճան չ՛ընդունիր Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, անիմաստ է որեւէ փոխզիջման մասին խօսիլ: <<Ե՛ւ անիմաստ է, ե՛ւ վտանգաւոր, որովհետեւ դա նշանակում է, որ մենք յանձնում ենք ինչ-որ բան՝ առանց դիմացը որեւէ բան ստանալու: Մենք կարծում ենք՝ բանակցութիւնները պէտք է այնպէս լինեն, որ ի վերջոյ, եթէ փոխզիջում պէտք է տեղի ունենայ, այդ փոխզիջումը պէտք է լինի համարժէք, համաչափ եւ միաժամանակեայ, ուստի սկզբից ասել՝ ով ինչ կը տայ, մենք պատրաստ ենք այս տալ, այն տալ դա վնասակար է: Մենք համաձայն չենք այդ տալուն, սակայն նոյնիսկ խօսելը վնասակար է>>, նկատել տուած է Կիրօ Մանոյեան:

Խօսելով տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող շարք մը զարգացումներու՝  Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւններու, Իրանի նկատմամբ Արեւմուտքի կեցուածքի մասին, Մանոյեան յայտնած է, որ որոշ չափով անոնք մարտահրաւէրներ են նաեւ Հայաստանի համար եւ որոշ չափով՝ կարելիութիւններ։

<<Յատկապէս տեսանք վերջին օրերին Իրանի նախագահի այցելութեան ընթացքում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, որոնք հաստատում են հայ-իրանական այն սերտ յարաբերութիւնները, որոնք զարգանալու տակաւին տեղեր ունեն եւ պէտք է շարունակուեն աշխատանքները>>, ըսած է ան:

Կիրօ Մանոյեանի համաձայն՝ որոշ անորոշութիւններ կան Թուրքիոյ կողմէ: <<Թուրքիան այն պետութիւնն է, որ ինքն իրեն իրաւունք է տալիս առանց միջազգային որոշումների ձեռնարկել գործողութիւններ իր սահմանից դուրս, ինչը մեր համար մտահոգիչ է եւ ուստի պէտք է զգօն լինենք>>, հաստատած է ան:

Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները, ըստ Կիրօ Մանոյեանի, պէտք է ըսել, որ որոշ յառաջընթաց ունեցան, խոստացուած զէնքը, թէկուզ բաւական ուշացումով, բայց հասաւ: <<Իսկ ՀԱՊԿի շրջանակներում մեր արդար ակնկալիքնը, որ ստանձնէինք Գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը չի իրականացել, ինչը ցոյց է տալիս, որ անդամ պետութիւնները խանդավառ չեն Հայաստանի Հանրապետութեան հաւանական յաջողութիւններով այդ պաշտօնը ստանձնելով>>, ըսած է ան:

Միացեալ Նահանգներէն եղած նոր ակնկալութիւններուն մասին խօսելով՝ Կ. Մանոյեան ըսած է, որ յառաջիկայ ամիս, երբ նոր նախագահը իր լիազօրութիւնները ստանձնէ, այն ատեն պիտի գիտնանք, թէ ի՛նչ քաղաքականութիւն պիտի վարէ տարածաշրջանի, Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի, եւ բնականաբար, նաեւ Հայաստանի հետ: <<Կարող է խնդիր յարուցել եւ հնարաւորութիւններ տալ>>, աւելցուցած է ան։

Ըստ անոր՝ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու պարագային սպասողական վիճակ կայ: <<ԵՄն ուզում է տեսնել ընտրութիւններն ինչպէս կ՛անցկացնեն եւ ըստ այդմ էլ այդ պայմանագիրը կը ստորագրի: Իմ տեղեկութեամբ պայմանագիրը համարեա աւարտուած է, բայց ստորագրման պահը կը լինի ընտրութիւններից յետոյ՝ կապուած ընտրութիւնների որակից>>, շեշտած է Մանոյեան։

 



comments