By Asbarez | Thursday, 05 January 2017
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութիւնը շատ յստակ կերպով դիրք գրաւած է Միացեալ Նահանգներու դէմ։ Այս մէկը կարեւոր շրջադարձ է, նկատի ունենալով, որ Թուրքիա, միւս կողմէ, հետզհետէ առաւել կը բարելաւէ Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւնները։ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, կրկնելով նախագահ Էրտողանի յայտարարութիւններն ու դիրքորոշումները՝ շարունակ կը պնդէ, որ Օպամայի իշխանութիւնը զէնք կը հայթայթէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան նման ահաբեկչական կազմակերպութիւններու եւ Թուրքիան առանձին կը ձգէ մասնաւորաբար <<Իսլամական պետութեան>> դէմ մղուող պայքարին մէջ։
Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ իր կարգին, Երեքշաբթի օր նման քննադատական արտայայտութիւններ ունեցաւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խմբակի նիստին ընթացքին։ <<Ամբողջ աշխարհը կը պայքարի <<Իսլամական պետութեան>> դէմ, իսկ Ամերիկան, ընդհակառակը, Սուրիոյ Քիւրտերու ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զէնք կու տայ, որպէսզի առաւել անիշխանութիւն ու ահաբեկչութիւն կատարուի Թուրքիոյ մէջ>>, ըսաւ Եըլտըրըմ։
Ան յայտնեց, թէ Սուրիոյ մէջ գործադրուող <<Եփրատի վահան>> գործողութեան 133րդ օրն է արդէն, եւ մինչեւ այսօր, <<Իսլամական պետութեան>> անդամ 1270 զինեալ սպաննուած է։ Ըստ անոր՝ ամբողջ աշխարհը <<Իսլամական պետութեան>> դէմ կը պայքարի, իսկ Ամերիկան սուտ պայքար կը տանի անոր դէմ՝ միայն խօսելով։ <<Միայն Թուրքիան է, որ կը մարտնչի>>, կը հաւատայ վարչապետը։
<<Միացեալ Նահանգներու նոր իշխանութենէն պիտի սպասենք, որ վերջ տայ այս խայտառակութեան, որովհետեւ նոր իշխանութիւնը չէ յանցաւորը, այլ՝ Օպամայի՛ իշխանութիւնն է։ Ամերիկա պէ՛տք է որոշում տայ. Թուրքիո՞յ հետ պիտի ըլլայ, թէ գիրկ պիտի բանայ այս ցածոգի ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն>>, աւելցուց Եըլտըրըմ։
Ապա անդրադառնալով նաեւ <<Ռէյնա>> զբօսարանին վրայ կատարուած յարձակումին՝ վարչապետը ըսաւ, թէ անոր նպատակն ալ յստակ է։ <<Այս յարձակումով, անոնք ուզեցին բանալ նոր գործընթաց մը, որ ուղղուած է ցեղային, կրօնական գրգռութիւններով պառակտում ստեղծելու նպատակին։ Ահաբեկչութեան այս գրգռիչ խաղը թող չխաբէ մեզ։ Այս մութ հաշիւները թող չխանգարեն մեր միասնութիւնը>>, ըսաւ ան եւ յայտարարեց, թէ կառավարութիւնը որոշեց երեք ամիս եւս երկարաձգել երկրին մէջ տիրող արտակարգ վիճակի դրութիւնը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ