Ատրպէյճանի Սեւ Ցանկին վրայ են 180 օտարահպատակ լրագրողներ

By Asbarez | Thursday, 12 January 2017

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Ատրպէյճան իր տխրահռչակ <<սեւ ցանկ>>ին մէջ ներառած է 180 օտարահպատակ լրագրողներու անուններ:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու համաձայն՝ լրագրողներուն մեծ մասը ռուս եւ ուքրանացի է: Կան նաեւ լրագրողներ Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Իտա-լիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Լաթվիայէն, Ճափոնէն եւ Աւստրիայէն:

Ընդհանուր առմամբ, Արցախ այցելող անձերու անուններէն բաղ-կացած այս <<սեւ ցանկ>>ը կ՛ընդգրկէ 623 անուններ:

 


comments