By Aztag Daily | Thursday, 12 January 2017

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 29 դեկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզին մէջ ներթափանցման փորձին վերաբերեալ հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է.
<<Երեւանն ու Պաքուն կը շարունակեն զիրար մեղադրել 29 դեկտեմբեր 2016-ին հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ արձանագրուած ներխուժման փորձին կապակցութեամբ, որուն հետեւանքով զոհեր արձանագրուեցան:
<<Հայաստանի զինեալ ուժերը տակաւին կը պահեն մարտի ընթացքին սպաննուած ազրպէյճանցի զինուորին դիակը: Զինադուլի դրութեան խախտումը անընդունելի է եւ կը հակասէ կողմերու ստանձնած պարտաւորութիւններուն:
<<Համանախագահները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն կոչ կ՛ուղղեն խստօրէն պահպանելու 2016-ին բարձր մակարդակով Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները` ներառեալ կարճ ժամանակի մէջ միջադէպերու հետաքննութեան ԵԱՀԿ-ի գործիքակազմի ստեղծումը:
<<Համանախագահները նաեւ կոչ կ՛ուղղեն անյապաղ վերադարձնել աճիւնը, 2010-ին բարձր մակարդակով Ասթրախանի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համապատասխան, հաշուի առնելով տուեալ հարցի բացառապէս մարդասիրական բնոյթը:
<<Մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` դադրեցնելու փոխադարձ մեղադրանքներն ու ձեռնարկելու անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները իրավիճակը կայունացնելու համար:
<<Համանախագահները ցաւակցութիւն կը յայտնեն զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն, որոնց համար Նոր տարուան հետ կապուած յոյսերը մթագնեցան անիմաստ կորուստի վիշտէն>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ