Հռոմի Պապին նուիրակը փորձած է կասեցնել ցեղասպանութիւնը. Գիրք` Վատիկանի գաղտնի արխիւներու հիման վրայ

By Aztag Daily | Thursday, 12 January 2017

Վատիկանի գաղտնի արխիւները հետազօտող Վալենթինա Վարդուհի Կարախանեան տեղեկութիւններ հաւաքած է այն մասին, թէ ինչպէ՛ս Հռոմի Պենետիկտոս ԺԵ. Պապի նուիրակը տեղեկացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ փորձած կասեցնել զայն:

Հետազօտողը <<Ռոմ Ռիփորթզ>>-ին պատմած է, որ պատրաստուող գիրքի գլխաւոր դերակատարներէն է Հռոմի պապի ներկայացուցիչ, կարտինալ Անճելօ Մարիա Տոլչին, որ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն փորձած է զօրաշարժի ենթարկել Կոստանդնուպոլսոյ դիւանագիտական խումբը, դատապարտած է կատարուող դէպքերը ու, թէեւ առանց յաջողութեան, սակայն այդ խնդիրով հասած է նոյնիսկ մինչեւ սուլթանին:

<<Մենք փորձած ենք փաստաթուղթերը դասաւորել այնպէս, որ անոնք ինքնաբերաբար արդէն փաստեն հայերու կոտորածին մասին: Գիրքի դերակատարներուն մէջ կան հայեր, եպիսկոպոսներ, նուիրակներ եւ դեսպաններ, որոնք ապրած են կամ ականատես եղած 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան>>, նշած է Վալենթինա Կարախանեան: Ան պատմած է, որ Վատիկան այդ տարիներուն ըրած է կարելի եւ անկարելի ամէն բան, քանի որ նուիրակը հանդիպում ունեցած է նոյնիսկ անոնց հետ, որոնք դուրս են դիւանագիտական շրջանակէն:

<<Նուիրակը իրաւունք չէ ունեցած դիմելու բազմաթիւ մարմիններու: Սակայն ան գացած եւ ցոյց տուած է պատուիրակութեան յատուկ փաստաթուղթեր, քանի որ սուլթանին հասնելու համար անհրաժեշտ էր ցոյց տալ Հռոմի պապին ստորագրութիւնը: Ան հանդիպում ունեցած է նախարարներու, գլխաւոր վեզիրին եւ սուլթանին հետ: Ան խօսած է պապին եւ սուրբ աթոռին անունով, քանի որ վստահ էր, որ Հռոմի օրուան պապը կ՛ուզէր օգնել եւ փրկել այս ժողովուրդը>>, դիտել տուած է Կարախանեան:

Վատիկանի գաղտնի արխիւէն գտնուած նիւթերուն մէջ կան այդ տարիներուն արձանագրուած փաստեր` իրենց տուներէն վտարուած քրիստոնեաներու ոչնչացման վերաբերեալ: <<Որոշ տարածքներու մէջ անոնք կը կոտորուէին, միւսները կ՛աքսորուէին անյայտ ուղղութիւններով` ճամբաներուն վրայ մահանալով: Կային մայրեր,  որոնք նոյնիսկ իրենց զաւակները կը վաճառէին` զանոնք մահուան ճիրաններէն պաշտպանելու նպատակով>>, պատմած է Վալենթինա Կարախանեան: Ան նշած է, որ Հռոմի պապին պատուիրակը գիտակցած է, որ տեղի ունեցածը ո՛չ միայն հայերուն կը վերաբերէր, այլ այդ տարածքին մէջ ապրող քրիստոնեաներուն դէմ էր:

 


comments

Advertisement