By Aztag Daily | Thursday, 12 January 2017

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հրապարակած են յայտարարութիւն մը` 29 դեկտեմբերին կատարուած ազրպէյճանական յարձակման փորձին վերաբերեալ` կոչ ուղղելով Հայաստանի ու Ազրպէյճանի առաջնորդներուն` ամբողջութեամբ պահպանելու 2016 թուականին բարձր մակարդակով Վիեննայի ու Ս. Փեթերսպուրկի մէջ իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները, ներառեալ` կարճ ժամանակի ընթացքին դէպքերու հետաքննութիւն կատարելու կոչուած ԵԱՀԿ-ի անձնակազմի ստեղծումը:
<<Արմէնփրես>>-ին խնդրանքով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան անդրադարձած է Մինսքի խմբակի համանախագահներուն այս յայտարարութեան` դիտել տալով, որ անոնք կ՛անդրադառնան նոյն բաներուն, որոնց առնչութեամբ Հայաստան միշտ հարց կը բարձրացնէ: <<Համաձայն ենք անոնց այն տեսակէտին, որ զինադադարի խախտումները անընդունելի են: Համաձայն ենք, որ պէտք է անվերապահ գործադրուին Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, ներառեալ, ինչպէս նշած են համանախագահները` կարելի եղածին չափ կարճ ժամանակաշրջանին ներդրուի դէպքերու հետաքննութեան գործիքակազմը>>, յայտնած է նախարարը:
Ան աւելցուցած է, որ եռանախագահ երկիրները բազմիցս նշած են, թէ ո՛ր կողմը կը մերժէ գործիքակազմին ստեղծումը, հետեւաբար, ճիշդ այդ կողմը պատասխանատու է արձանագրուած դէպքերուն եւ զինադադարի խախտումներուն: <<Նման գործիքակազմ կարելիութիւն պիտի տայ, ինչպէս համանախագահները կ’ըսեն, ձերբազատելու փոխադարձ մեղադրանքներէն: Թէեւ, երբ ազրպէյճանական ներթափանցման փորձ կատարողը կը վնասազերծուի հայկական դիրքերուն մէջ, բոլորին համար առանց գործիքակազմի ալ պարզ է, թէ ո՛վ յարձակում գործած է>>, յայտնած է Նալբանդեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յոյս յայտնած է, որ եռանախագահները հետեւողական ըլլան` անյապաղ խստօրէն արձագանգելու տագնապի գօտիին մէջ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի իւրաքանչիւր դրսեւորման, յատկապէս, երբ զինադադարի խախտումին պատճառով զոհեր կ՛արձանագրուին: <<Պէտք չէ թոյլ տալ, որ ուշացած արձագանգը խախտումներ իրականացնողին կողմէ ընկալուի այնպէս, թէ իր գործողութիւնները կարելի է հանդուրժել: Ինչպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները բազմիցս շեշտած են` 1994-1995-ի զինադադարի եռակողմ համաձայնագիրներու անվերապահ կատարումը պարտադիր է, անոնց խախտումներուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուած դէպքերը անընդունելի են եւ լուրջ վնաս կը հասցնեն լուծման հոլովոյթին>>, շեշտած է ան:
Նախարար Նալբանդեան անգամ մը եւս շեշտած է, որ մինչ Ազրպէյճան կը խոչընդոտէ հետաքննութեան գործիքակազմի ներդրումը եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խումբին կարողութիւններուն ընդարձակումը, <<համանախագահները կը մնան այն եզակի ձեւաչափը, որ իր հանգամանքին համաձայն, կրնայ եւ պէտք է շարունակէ իր կանխարգելիչ գործունէութիւնը>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ