Նախագահ Օպամայի հրաժեշտի ելոյթը

By Asbarez | Thursday, 12 January 2017

 

 

0112OBAMA-farewell

ՇԻՔԱԿՕ, <<Ամերիկայի Ձայն>> - Սպիտակ տունէն հեռանալէ 10 օր առաջ, նախագահ Պարաք Օպամա Յունուար 10ի երեկոյեան, ժողովուրդին դիմեց նախագահական իր վերջին ուղերձով: Հրաժեշտի իր ելոյթին մէջ, Օպամա ընդգծեց իր ղեկավարութեան 8 տարիներուն վարչակազմին ձեռքբերումները եւ ներկայացուց այն վտանգները, որոնք կը սպառնան երկրի ժողովրդավարութեան:

Ան շեշտեց, թէ երկիրը այսօր աւելի լաւ վայր է ու աւելի հզօր, քան էր 8 տարի առաջ, երբ ինք ստանձնեց նախագահի պարտականութիւնը:

<<Եթէ 8 տարի առաջ ըսէի, որ Ամերիկան պիտի յաղթահարէ տնտեսական մեծ անկումը, զարկ պիտի տայ ինքնաշարժներու արդիւնաբերութեան եւ աննախադէպ համեմատութեամբ աշխատատեղիներ պիտի ստեղծէ, եթէ ըսէի, որ նոր էջ պիտի բանանք Քուպայի ժողովուրդին հետ, պիտի դադրեցնենք Իրանի հիւլէական ծրագիրը՝ առանց որեւէ մէկ կրակոցի, պիտի ոչնչացնենք Սեպտեմբեր 11ի գործողութիւններու կազմակերպիչը, եւս 20 միլիոն քաղաքացիի համար պիտի ապահովենք բժշկական ծառայութիւններ, ապա դուք պիտի ըսէիք, թէ մեր տեսլականը շա՛տ չափազանցուած է>>, ըսաւ ան:

Ընդունելով երկրին մէջ տիրող քաղաքական ներկայ բաժանման իրականութիւնը՝ Օպամա ամերիկացիները յորդորեց գտնել ընդհանուր եզրեր՝ շեշտելով, որ մինչ ժողովրդավարութիւնը չի պահանջեր միօրինակութիւն, անոր համար սակայն կենսական է համերաշխութեան ապահովումը:

 



comments

Advertisement