Ոսկի մետալ Սլովաք լուսանկարիչին՝ Հայաստանի եւ Արցախի լուսանկարներուն համար

By Asbarez | Friday, 13 January 2017

0113slovak2

ԵՐԵՒԱՆ - Սլովաքիոյ մէջ կայացող տարեկան լուսանկարչական մրցումին սեւ-ճերմակ լուսանկարներու ազատ թեմայով բաժինի ոսկի մետալակիր դարձած է Լիպոր Շփիմր՝ Հայաստանի ու Արցախի մէջ նկարած լուսանկարներուն համար։

Մրցանակը ստանալէն ետք, <<Օրեր>> ամսագիրին հետ զրուցելով, սլովաք նկարիչը ըսած է, որ այս մրցանակին համար մեծապէս շնորհակալ է ամբողջ հայ ժողովուրդին ու այն մարդոց, որոնք յատկապէս Արցախի մէջ աջակցած են իրեն լուսանկարելու այն, ինչը ներկայացուցած է մրցումին։

Լուսանկարիչը նաեւ յայտնած է, որ ոսկի մետալը կ՛ուզէ փոխանցել Արցախին։ Լիպոր Շփիմր նաեւ Հայաստանի ու Արցախի մասին վաւերագրական երկու ժապաւէնի հեղինակ է:

 



comments

Advertisement