Ալեքսանտր Լափշինի ազատ արձակման պահանջով նախաձեռնութիւններ

By Asbarez | Friday, 13 January 2017

0114belarous

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութիւնն ու <<Նիկոլ Աղբալեան>> ուսանողական միութիւնը 13 Յունուարին հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձած է 15 Դեկտեմբերին Մինսկի մէջ, Ատրպէյճանի պահանջով ձերբակալուած, Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ քաղաքացի Ալեքսանտր Լափշինի ուղղուած մեղադրանքին՝ առանց Ատրպէյճանի թոյլտուութեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելելուն համար:

Ատրպէյճանը զայն ներառած է իր սեւ ցանկին մէջ, եւ դատախազութիւնը քրէական գործ յարուցած է՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ոտնահարման մեղադրանքով:

Միութիւնը արդարացիօրէն կը պահանջէ, որ Պելոռուսի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմինները տուրք չտան Ատրպէյճանի կեղծ եւ ստայօդ պահանջքին եւ յարգեն ազգերու ինքնորոշման եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտութեան իրաւունքը:

<<Ցանկանում ենք ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել 1991թ. Սեպտեմբերի 2ին ընդունուած Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հռչակագրի՝ իրաւական փաստաթղթի վրայ, որը հիմնուած է ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհրդի՝ <<ԽՍՀՄ կազմից միութենական հանրապետութիւնների դուրս գալու կարգի մասին>> օրէնքի վրայ: Իսկ արդէն 1991թ. Դեկտեմբերի 10ին տեղի է ունեցել հանրաքուէ, որի ժամանակ ԼՂՀ բնակչութեան 99 տոկոսը  քուէարկել է անկախութեան օգտին:

Կոչ ենք անում Բելառուսի Հանրապետութեան իշխանութիւններին՝ անաչառութեամբ եւ համակողմանիօրէն մօտենալ այս հարցին եւ տուրք չտալ Ադրբեջանի Հանրապետութեան մտացածին պահանջին>>, նշուած է ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան եւ <<Նիկոլ Աղբալեան>> ուսանողական միութեան յայտարարութեան մէջ։

Այլ յայտարարութեամբ մը, զոյգ միութիւնները տեղեկացուցած են, որ 16 Յունուարին պիտի կազմակերպեն բողոքի ցոյց՝ Հայաստանի մէջ Պելոռուսի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմաց՝ ի պաշտպանութիւն Ալեքսանտր Լափշինի:

<<Կոչ անելով Բելառուսի Հանրապետութեան իշխանութիւններին՝ անաչառութեամբ եւ համակողմանիօրէն մօտենալ այս հարցին եւ տուրք չտալ Ադրբեջանի Հանրապետութեան մտացածին պահանջին:

Բողոքի ակցիային միանալու են երկրի քաղաքական կուսակցութիւնների երիտասարդական թեւերի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութիւնների անդամներ: Մամլոյ հաղորդագրութեանը կից ձեզ ենք փոխանցում նաեւ Հայաստանում Բելառուսի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ն.Գ. պարոն Իգոր Նազարուկին ուղղուած նամակի օրինակը>>, նշուած է յայտարարութեան մէջ:

 

 



comments

Advertisement