Քուրց կը խոստանայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերել Մինսքի խմբակին

By Aztag Daily | Monday, 16 January 2017



ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ լիակատար աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդական ջանքերուն:

<<Արմէնփրես>>` վկայակոչելով ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքը, կը հաղորդէ, որ Սեպասթիան Քուրց այս մասին ըսած է իբրեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ երդման արարողութեան ընթացքին:

Քուրց խոստացած է աջակցիլ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ` այդ գործին մէջ կարեւոր նկատելով իր անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի, ինչպէս նաեւ ծրագրաւորման խումբի ղեկավար Հանս Լամփալզերի դերը:

Սերկէյ Լաւրով ԵԱՀԿ-ի Նախագահին Հետ
Պիտի Քննէ Արցախի Հարցը

<<Նիուզ>> կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 18 յունուարին Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Աւստրիոյ իր պաշտօնակից եւ ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը ստանձնած Սեպասթիան Քուրցի հետ:

<<ՌԻԱ Նովոսթի>> կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա այս մասին ըսած է, որ <<առանցքային միջազգային խնդիրները քննարկելու ընթացքին, ռուսական կողմին հիմնական ուշադրութիւնը կեդրոնացած պիտի ըլլայ ահաբեկչութեան արդիւնաւէտ հակազդեցութիւն ցոյց տալու ջանքերուն եւ Սուրիոյ իրավիճակի կարգաւորման միացեալ ու սպառիչ քայլերուն վրայ>>` միաժամանակ աւելցնելով, որ կողմերը պիտի քննեն նաեւ Ուքրանիոյ, Արցախի եւ Մերձտնեսթրի տագնապներն ու Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակը:

 

comments

Advertisement