Գրաւեալ Տարածքները պիտի վերադարձուին՝ Արցախի վերջնական կարգավիճակը որոշելու պահուն. Լաւրով

By Asbarez | Wednesday, 18 January 2017

 

0118lavrov


ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր տարեկան ամփոփիչ մամուլի ասուլիսին ժամանակ, պատասխանելով ատրպէյճանցի լրագրողի մը սադրիչ հարցումին՝ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու իրականացումը Ատրպէյճանի ներքին գործը չէ՛:

Վերջինս կը հետաքրքրուէր, որ արդեօք Ռուսիա պիտի միջամտէ՞ <<Ատրպէյճանի ներքին գործերուն>>, եթէ ատրպէյճանական կողմը նախաձեռնէ ռազմական գործողութիւններու՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

Լաւրովի այս սթափեցնող յայտարարութիւնը հարուած մըն էր ատրպէյճանական հասարակութեան համար:

Լաւրով նաեւ յայտարարեց, որ միջազգային որոշումները կը սահմանեն, թէ հիմնախնդիրին կարգաւորումը պէտք է ըլլայ առանց ուժի կիրառումի ու Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի յստակացումով, աւելցնելով, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները ստորագրած են նման փաստաթուղթեր:

Վկայակոչելով <<Թասս>> լրատու գործակալութիւնը՝ <<ՓանԱրմինիըն>>ը կ՛աւելցնէ, թէ Լաւրով նաեւ ըսաւ, որ ԵԱՀԿը, ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ 1994ին կնքուած հրադադարէն ի վեր, կը պահանջէ վերադարձնել <<գրաւեալ տարածքները>>, սակայն՝ բացառապէս առանց ուժի կիրառման եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի որոշման պահուն:

Լաւրով խիստ ահազանգող համարեց 2016ի Ապրիլին տեղի ունեցած արիւնալի իրադարձութիւնները: <<Ռուսիա որոշիչ դեր ունեցաւ արիւնահեղութեան դադրեցման գծով: Մենք պայմանաւորուած ենք Վիեննայի մէջ, նախագահներ Սարգսեանի եւ Ալիեւի հետ հանդիպման ժամանակ, իսկ այնուհետեւ, Ռուսիոյ նախագահ Փութին եւս 2016ի Յունիսին անոնց հետ համաձայնած է Ս. Փեթերզպուրկի մէջ այն մասին, որ նկատի առնելով փոխադարձ մեղադրանքները՝ անհրաժեշտ է ստեղծել դէպքերու հետաքննութեան համակարգ եւ աւելցնել ԵԱՀԿի դիտորդներու թիւը շփման գիծին վրայ: Դէպքերու հետաքննութեան անհրաժեշտութեան մասին խօսուած էր նաեւ 2011ին, երբ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները հանդիպած էին Ասթրախանի մէջ: Ցաւօք, նման տարրական բան՝ դէպքերու հետաքննութիւն եւ դիտորդներու թիւի յաւելում, ցարդ կարելի չէ եղած կեանքի կոչել, քանի որ տակաւին համաձայնութիւն չկայ>>, յայտնեց Լաւրով՝ անուղղակիօրէն քննադատելով Պաքուի մերժողական կեցուածքը։

Լաւրով ապա անդրադարձաւ Պելոռուսի մէջ ձերբակալուած Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի Ալեքսանտր Լափշինի հարցին: Վերջինս նախորդող տարիներուն, քանի մը անգամ այցելած էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, ինչի համար ալ կը հետապնդուէր Պաքուի կողմէ: Պաքուի խնդրանքով, ան Պելոռուսի իշխանութիւններուն կողմէ ձերբակալուեցաւ, եւ այժմ Պաքու կը պահանջէ զայն արտայանձնել: <<Մենք դէմ ենք լրագրողներու կամ այլ անձերու այս կամ այն տարածք այցելութեան քրէականացման: Մենք դէմ ենք նաեւ անոր, որ այս կամ այն երկրին մէջ ձերբակալուած Ռուսիոյ քաղաքացիները արտայանձնուին երրորդ երկիր>>, յայտարարեց Լաւրով, նշելով, որ իրենք կը պահպանեն Լափշինի հետ կապը:

 


comments