By Asbarez | Wednesday, 18 January 2017
ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> - Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Յունուար 17ին տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, թէ Ասթանայի մէջ Սուրիոյ շուրջ կայանալիք բանակցութիւններուն նպատակն է զինադադարը ամրապնդել։
Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ջանքերով կազմակերպուած բանակցութիւններուն պիտի մասնակցին Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներ։
<<Ճէյշ Իսլամ>> զինեալ խմբաւորման ղեկավարութեան ներկայացուցիչ Մուհամմատ Ալլուշ յայտարարեց, որ ինք պիտի գլխաւորէ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան պատուիրակութիւնը Սուրիոյ շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքին, որոնք պիտի կայանան Յունուար 23ին, Ասթանայի մէջ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու իր կարգին յայտարարեց, որ իրենք Մոսկուայի հետ համաձայնած են Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ սուրիական տագնապի լուծման նուիրուած հանդիպման հրաւիրել Միացեալ Նահանգները։ Հաւանաբար, ՄԱԿի մէկ ներկայացուցիչը եւս հրաւիրուի։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ