Վանայ Լիճին մէջ յայտնաբերուած է Ռուսական Աղթամար նաւը

By Asbarez | Wednesday, 18 January 2017

0118aghtamar

 

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թրքական մամուլը կը հաղորդէ, որ Վանայ լիճին խորքը յայտնաբերուած է մօտաւորապէս 60 տարի առաջ ընկղմած ռուսական փոխադրանաւ մը։ Ընկղմած փոխադրանաւը գտնուած է Պիթլիսի հանդիպակաց ջուրերուն մէջ։ Անիկա կառուցուած էր 1915ին եւ, ռուսական գրաւման ընթացքին, Վանայ լիճին մէջ գործածուած էր զինանիւթ ու ապրանք փոխադրելու համար։

Նաւը գտնուած է 23 մեթր խորութեան մէջ։ Հետաքրքրական է, որ ընդծովեայ հետախուզողներն ու լուսանկարիչները, ընկղմած նաւը ծովուն տակ նկարելու ընթացքին ստուգած են նաեւ, որ անիկա կը կոչուէր <<Աղթամար>>։

 



comments