Տիգրանակերտի մէջ 4 թուրք ոստիկաններ կը սպաննուին

By Asbarez | Wednesday, 18 January 2017

0118dikranagerd

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Տիգրանակերտի Սուր շրջանին մէջ, Յունուար 16ի երեկոյեան տեղի ունեցած պայթումին իբրեւ հետեւանք, առնուազն 4 թուրք ոստիկաններ սպաննուած են: Նաեւ, վիրաւորուած են երկու ուրիշներ:

Նահանգապետարանին տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն սկսած է ահաբեկչական յարձակումին մեղաւորները գտնելու նպատակով:

Միւս կողմէ, Պիթլիս նահանգին մէջ թրքական ապահովական ուժերուն կողմէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն դէմ գործողութիւններուն ընթացքին, Յունուար 15ին սպաննուած են 2 թուրք զինուորներ եւ նոյնքան քիւրտ զինեալներ:

 



comments