By Asbarez | Saturday, 21 January 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - ԵԱՀԿ Մնայուն խորհուրդի 1128րդ նիստին ԵԱՀԿի մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Արման Կիրակոսեան կատարած է յայտարարութիւն մը՝ նուիրուած <<Ակօս>> թերթի գլխաւոր խմբագիր, ականաւոր լրագրող եւ մտաւորական Հրանդ Տինքի սպանութեան տասնամեակին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, թէ դեսպանը ընդգծած է, որ Հայաստանի առաքելութեան կողմէ տարիներ շարունակ այդ հարցը պարբերաբար բարձրացուած է, իսկ թրքական պատուիրակութիւնը մնայուն կերպով պատասխանած է, թէ անհրաժեշտ է սպասել հետաքննութեան արդիւնքներուն:
Դեսպան Կիրակոսեան արձանագրած է, որ տասնամեակ մը ետք դատավարութիւնը տակաւին չէ բացայայտած սպանութիւնը կազմակերպողները՝ լիովին կիսելով ԵԱՀԿ մամլոյ ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչ Տունեա Միյաթովիչի նոյնանման գնահատականը: Դեսպանը համոզում յայտնած է այն մասին, որ լրագրողներու, համայնքային առաջնորդներու եւ մտաւորականներու նկատմամբ բռնութիւններու ու սպանութիւններու բացայայտման ձախողութիւնը կը ստեղծէ անպատժելիութեան մթնոլորտ, եւ այսպիսով ալ կը քաջալերուի անհանդուրժողականութիւնը: Ան յիշեցուցած է, որ Հրանդ Տինք ճնշման ենթարկուած է Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ իր մօտեցումներուն եւ յայտարարութիւններուն համար:
<<Ցաւօք, Դինքի սպանութիւնից տաս տարի անց Թուրքիայում շարունակում է գերակայել ճշմարտութեան եւ արդարութեան ձգտող անձանց լռեցման նոյն գործելաոճը: Դրա մասին է վկայում Թուրքիայի խորհրդարանի նիստերին պատգամաւոր Կարօ Փայլանի մասնակցութեան արգելքը: Տեղեկութիւններ են յայտնուել անգամ, որ որոշ քաղաքական կուսակցութիւններ փորձում են քրէական գործ յարուցել նրա դէմ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ նրա խօսքը համարելով այլատեացութիւն>>, նշած է դեսպանը:
Արման Կիրակոսեան ընդգծած է, որ Թուրքիան ԵԱՀԿի մէջ կը ներկայանայ իբրեւ կրօնական խմբաւորումներու հանդէպ հանդուրժողականութեան եւ խտրականութեան վերացման ջատագով՝ միաժամանակ հանդուրժողականութիւն չցուցաբերելով բնիկ կրօնական փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ, որոնց որոշ հատուածները կրցած են վերապրիլ ու գոյատեւել մերօրեայ Թուրքիոյ մէջ: Կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան պարունակին մէջ դեսպան Կիրակոսեան թրքական պատուիրակութեան յիշեցուցած է, որ հայկական կողմը արդէն իսկ մէկ տարի է ի վեր կը սպասէ Թուրքիոյ պարզաբանումներուն՝ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ եւ անոր մերձակայ տարածքի գրաւման մասին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ