By Aztag Daily | Monday, 23 January 2017

Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Նուման Քուրթուլմուշ յայտարարեց. <<Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումը ներկայիս անիրատեսական է>>:
<<Այլեւս անկարող ենք <<առանց Ասատի>> լուծման վրայ պնդել շարունակել>>, խոստովանեցաւ ան:
Մինչ այդ, Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ շուրջ Ասթանայի բանակցութիւնները յանգեցնեն երկրին մէջ զինադադարի դրութիւնը ամրապնդելու ջանքերու միաւորման ու ամրապնդման:
<<Կը նախատեսուի, որ Ասթանայի ժողովը ամրապնդէ այն, որուն մասին խօսած են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, ինչ որ նաեւ սուրիացի ժողովուրդին ուզածն է>>, նշեց ան:
Պատասխանելով Ասթանայի բանակցութիւններուն արդիւնքը վաւերացման համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնելու անհրաժեշտութեան մասին հարցումի մը` տը Միսթուրա ըսաւ. <<Ատիկա կախեալ է Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներէն, եւ անոնք, ինչպէս գիտէք, իրենց ծրագիրներուն վերաբերեալ որոշումները իրենք կ՛առնեն>>:
Միւս կողմէ, պաշտօնական աղբիւրներ <<Շարք Աուսաթ>> օրաթերթին յայտնած են, որ ֆրանսացի բարձրաստիճան դիւանագէտ մը ներկայ պիտի գտնուի Ասթանայի մէջ 23 յունուարին նախատեսուած բանակցութիւններուն եւ սուրիական ընդդիմութեան խորհրդատուութիւն պիտի կատարէ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ