Ռէյիսեան - Հալէպի վերաշինութիւնը արդէն սկսած է

By Aztag Daily | Monday, 23 January 2017

Հալէպի ազատագրումէն ետք քաղաքը հետզհետէ կը վերադառնայ իր բնականոն կեանքին: Քաղաքը ունի ջուրի եւ հոսանքի դժուարութիւններ, սակայն Հալէպի վերաշինութեան ծրագիրները արդէն պատրաստ են:

<<Արմէնփրես>>-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան նշեց, որ քաղաքի վերաշինութեան համար նախ եւ առաջ պէտք է լաւ պատրաստուիլ: <<Հալէպի վերաշինութիւնը արդէն սկսած է, սակայն ատիկա օրերու եւ շաբաթներու  հարց չէ>>, ընդգծեց Ռէյիսեան:

Անդրադառնալով քաղաքի օդակայանի վերագործարկման` երեսփոխանը յայտնեց, որ անիկա գրեթէ պատրաստ կարելի է նկատել, սակայն պետութիւնը ամէն ինչ կը կատարէ օդակայանի վերագործարկման անվտանգութիւնը երաշխաւորող պայմաններու  ստեղծման ուղղութեամբ: Աշխատանքները ընթացքի մէջ են:

Ժիրայր Ռէյիսեան վստահ է, որ քաղաքին ազատագրումէն ետք աշխարհի մէջ սփռուած հալէպահայերը անպայման կը վերադառնան:

Սուրիոյ կառավարական զօրքերը 22 դեկտեմբերին պաշտօնապէս յայտարարած էին, որ Հալէպը ամբողջութեամբ կը գտնուի իրենց հսկողութեան տակ:

 


comments