Ապրահամ Լինքընի 1861-ին երդման արարողութեան օգտագործուած Աստուածաշունչին վրայ երդում տալով` Թրամփ պաշտօնապէս ստանձնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը

By Aztag Daily | Monday, 23 January 2017

Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած երդման արարողութենէն ետք, Տանըլտ Թրամփ դարձաւ Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահը: Ան իր երդումը կատարեց երկու Աստուածաշունչի վրայ: Առաջինը` իր մանկութենէն ի վեր իրեն պատկանող, իսկ երկրորդը` 1861¬ին Ապրահամ Լինքընի նախագահական երդման արարողութեան ընթացքին օգտագործուած: Երդման արարողութեան ներկայ էին նախկին նախագահներ Ճիմի Քարթըր, Ճորճ Ու.Պուշ եւ Պարաք Օպամա:

Իբրեւ նախագահ իր արտասանած առաջին ճառին մէջ Թրամփ յայտարարեց. <<Այսուհետեւ նոր տեսլական մը պիտի կառավարէ մեր երկիրը, այսուհետեւ միայն <<նախ Ամերիկան, նախ Ամերիկան>> պիտի ըլլայ>>:

<<Ազգային նոր հպարտութիւն մը պիտի ալեկոծէ մեր հոգիները, մեր նայուածքները վեր բարձրացնէ եւ դարմանէ մեր պառակտումը>>, ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ամերիկացիք սեւամորթ ըլլան, թէ սպիտակամորթ, հայրենասէրներու նոյն կարմիր արիւնը կը թափեն:

<<Յառաջիկայ տարիներուն միասնաբար Ամերիկայի եւ աշխարհի ճակատագիրը պիտի ճշդենք>>, ըսաւ Թրամփ` աւելցնելով. <<Այլ երկիրներու սահմանները պաշտպանեցինք, սակայն ոչ մեր սահմանները>>:

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը յայտնեց, որ պիտի ձգտի աշխարհի երկիրներուն հետ բարեկամութիւն հաստատել, սակայն աւելցուց. <<Իր շահերը առաջնահերթ նկատելը իւրաքանչիւր երկրի իրաւունքն է>>:

<<Պիտի ամրապնդենք հին դաշինքները, նոր դաշինքներ հաստատենք եւ քաղաքակիրթ աշխարհը միացնենք ծայրայեղ իսլամական ահաբեկչութեան դէմ, զոր ամբողջովին պիտի բնաջնջենք աշխարհի երեսէն>>, ըսաւ Թրամփ` ընդգծելով. <<Ոչ ոք կրնայ միացեալ Ամերիկայի դիմաց կանգնիլ, եւ կարիք չկայ վախնալու>>:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին նախագահ Օպամայի փոխանցման հոլովոյթը դիւրացնելուն համար:

Արարողութեան ընթացքին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցան Թրամփի նախագահութիւնը մերժող ցոյցեր եւ բախումներ:

Մէկ օր առաջ, քանի մը հազար մարդիկ մասնակցեցան Նիւ Եորքի մէջ Թրամփի դէմ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին: Մանհաթընի <<Թրամփ Թաուըր>> երկնաքերին մօտ խօսքեր արտասանեցին Նիւ Եորքի քաղաքապետ Պիլ տէ Պլազիօ, ականաւոր քարոզիչ Ալֆրետ Շարփթըն, բեմադրիչ Մայքըլ Մուր, դերասաններ Ռապըրթ տը Նիրօ, Ալեք Պոլտուին եւ Մարք Ռուֆալօ:

Առաջին խօսք արտասանողը եղաւ <<Օսքար>>-ի կրկնակի դափնեկիր տը Նիրօ, որ Թրամփը նկատեց <<վատ օրինակ ամբողջ երկրին եւ այս քաղաքին համար>>: <<Ֆերնհայթ 9/11>> յայտնի շարժանկարը ստեղծող Մուր զգուշացուց. <<Ամերիկան իր պատմութեան մէջ չափազանց վտանգաւոր շրջան կ՛ապրի>>: <<Ամէն ինչ այնքան վատ է, որքան ձեզի կը թուի: Սակայն պիտի ըլլայ աւելի վատ>>, զգուշացուց բեմադրիչը:

<<Այս երեկոյ մենք հաւաքուած ենք պաշտպանելու մեր բոլորին համար թանկարժէք բան մը: Եւ ատիկա մեզմէ իւրաքանչիւրն է>>, նշած է դերասան Ռուֆալօ: Անոր միացած են նաեւ դերասանուհիներ Ճուլիան Սուր, Մարիսա Թոմէյ եւ Շէյլին Վուտլի:

Անցեալ շաբաթավերջին նոյնպիսի ցոյցեր տեղի ունեցան ամերիկեան բազմաթիւ քաղաքներու մէջ:

 


comments