Ամերիկայի Հայ Դատըի Գրասենեակը կոչ կ՛ընէ դիմելու Թրամփին՝ Հայաստանին աջակցելու հարցով

By Asbarez | Tuesday, 24 January 2017

0124anc trump

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, որ Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ Տանըլտ Թրամփին դիմէ, Հայաստանին եւ Արցախին աջակցութիւն ապահովելու նպատակով։

Այս նպատակին համար, Հայ Դատի կայքին վրայ պատրաստուած է Սպիտակ տան ուղարկուելիք նամակ մը, որուն մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուին ամերիկահայութիւնը յուզող հարցեր, ներառեալ՝ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու սերտացում, Արցախի անկախութեան եւ ապահովութեան երաշխաւորում, ինչպէս նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում:

Այս նամակէն օրինակ մը յղելու համար, այցելել anca.org/trump կայքը:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան կը շեշտէ, թէ այժմ ժամանակն է գործնական քայլեր առնելու այն հարցերուն ուղղութեամբ, որոնք կը մտահոգեն ամերիկահայութիւնը:

 



comments

Advertisement