Տինքի ոգեկոչման ներկայ եղաւ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարը

By Asbarez | Monday, 23 January 2017

0124avci dink

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Հրանդ Տինքի ոգեկոչման համար կատարուած սգահանդէսէն ետք, Տինք իր ընտանիքին ու զինք սիրողներուն կողմէ Յունուար 22ին ոգեկոչուեցաւ նաեւ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ։ Հոգեհանգստեան պաշտօնին ներկայ գտնուեցան Տինքի ընտանիքի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Ռաքել Տինքի, նաեւ Հրանդի համակիրներու բազմութիւն մը։ Կրօնական այս արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նապի Աւճը։

Նախարարը ամբողջ արարողութեան ընթացքին կանգնեցաւ Ռաքել Տինքի կողքին, իսկ աւարտին իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Տինքի ընտանիքի անդամներուն ու Հրանդ Տինքի բոլոր ընկերներուն, ապա դիտել տուաւ, որ դատավարութեան խառնակ գնացքը ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն մութ բան կայ այս սպանութեան ետին։

<<Մաղթելի է, որ դատավարութիւնը ասկէ ետք ընթանայ աւելի արդար ձեւով>>, ըսաւ նախարարը։

 

 



comments

Advertisement