Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի տարածքին Թրամփի դէմ բողոքի ցոյցերը շուքի տակ ձգեցին անոր երդման արարողութիւնը

By Asbarez | Monday, 23 January 2017

 

0124women

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Էյ.Փի.>> - Յունուար 21ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի, Շիքակոյի, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ գտնուող հարիւրաւոր քաղաքներու մէջ միլիոնաւոր ցուցարարներ փողոց իջան՝ մասնակցելու <<Կանանց քայլարշաւ>> խորագրեալ ցոյցերուն, որոնք սակայն վերածուեցան կանանց կողքին նաեւ փոքրամասնութեանց ու քաղաքացիական իրաւանց պաշտպանութեան արշաւի, որուն միջոցաւ ցուցարարները իրենց բողոքը յայտնեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը ստանձնած Տանըլտ Թրամփի ազգայնամոլ եւ կանանց ու այլ փոքրամասնութեանց իրաւունքները ոտնակոխող կեցուածքներուն դէմ։

Ուաշինկթընի մէջ քայլարշաւի մասնակիցներուն թիւը (մօտաւորապէս կէս միլիոն) աւելի քան կրկնապատիկը եղած է մէկ օր առաջ կայացած Թրամփի երդման արարողութեան մասնակիցներու թիւին։ Ցուցարարները ոստիկանութեան ուղեկցութեամբ մօտեցած են Սպիտակ տան յարող տարածքին, սակայն ոստիկանները մետաղէ արգելապատնէշներու միջոցով կասեցուցած են կիներու յառաջխաղացքը մինչեւ նախագահական նստավայր:

Ոստիկանութիւնը յայտարարած է, որ այս քայլարշաւին ձերբակալութիւններ տեղի չեն ունեցած, մինչ մէկ օր առաջ 230 հոգի ձերբակալուած էր՝ շարք մը խռովարարութեանց պատճառով։

Գրեթէ նոյնքան ցուցարարներ բողոքած են Նիւ Եորքի մէջ, դէմ արտայայտուելով Տանըլտ Թրամփի, իսկ Լոս Անճելըսի ցոյցին մասնակցած է աւելի քան 200,000 հոգի։

Միւս կողմէ, Սպիտակ տունը Կիրակի օր փորձեց <<այլընտրանքային փաստ>>երու պիտակին տակ պնդել, թէ Թրամփի երդման արարողութեան ներկայ եղած են աւելի՛ մեծ թիւով հանդիսատեսներ, քան՝ նախագահ Պարաք Օպամայի առաջին երդման արարողութեան մասնակիցները, հակառակ այն իրողութեան, որ լուսանկարները շատ հստակօրէն հակառակը կը փաստէին։

Մտահոգիչ է այն, որ Սպիտակ տան բանբերը իր առաջին մամլոյ ասուլիսը տրամադրած էր նման անկարեւոր հարցի մը, միաժամանակ քննադատելով երկրի լրատուամիջոցները։

 



comments