Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Քիւրտ ղեկավարին առողջական վիճակը կը վատթարանայ

By Asbarez | Thursday, 26 January 2017

0126ahmet_turk

ՊՈԼԻՍ - Բանտի մէջ գտնուող թրքական Մարտին քաղաքի համաքաղաքապետ Ահմետ Թիւրքի առողջական վիճակը վատթարացած է. այս մասին կը յայտնէ <<Պիրկիւն>> թերթին կայքը՝ աւելցնելով, որ Թիւրք տեղափոխուած է Խարբերդի հիւանդանոցներէն մէկը:

Նշենք, որ ազգութեամբ քիւրտ Ահմետ Թիւրք բազմիցս խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին մասին եւ Թուրքիոյ ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուած է՝ երկրին մէջ ահաբեկչական համարուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ կապեր ունենալու կասկածանքով:

 



comments