Դիլիջանի միջազգային դպրոցը՝ Ֆորպզ վարկանիշի լաւագոյն հնգեակին մէջ

By Asbarez | Friday, 27 January 2017

0127dilijan

ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>> - <<Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ>>  (Աշխարհի միացեալ քոլեճներ) ցանցի անդամ Դիլիջանի միջազգային դպրոցը, զոր հիմնած է գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեան, յայտնուած է <<Ֆորպզ>>ի վարկանիշի լաւագոյն հնգեակին մէջ: Դպրոցը ներառուած է ռուս միլիառատէրերու մասնակցութեամբ ստեղծուած լաւագոյն դպրոցներու վարկանիշին մէջ, որուն կարելի է ծանօթանալ <<Ֆորպզ>> հրատարակութեան պաշտօնական կայքին վրայ: Ռուբէն Վարդանեանի հիմնած Դիլիջան միջազգային դպրոցը գրաւած է երկրորդ հորիզոնականը։ Այս մասին կը յայտնէ <<Sputnik Արմէնիա>>ն:

Թերթը գրած է, որ 2014ին Ռուբէն Վարդանեան կնոջ հետ հիմնած է միջազգային դպրոցը: Դիլիջանի միջազգային դպրոց կը յաճախեն տաղանդաւոր երեխաներ: Կը գտնուի Հայաստանի համանուն քաղաքին մէջ եւ մաս կը կազմէ <<Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ>> միջազգային դպրոցներու ցանցին: Այդ կը նշանակէ, որ ընդունելութեան քննութիւններէն ետք, ընդունող յանձնաժողովը կրնայ աշակերտը ուղարկել այլ երկիր ուսանելու, ուր նոյնպէս կայ ցանցի դպրոց: Այսօրուան դրութեամբ դպրոցին մէջ կ՛ուսանի 198 ուսանող՝ աշխարհի 72 երկիրներէ:

Վարկանիշին մէջ ներառուած են նաեւ հարուստ բարերաներու միջոցներով ստեղծուած այլ նախագիծեր:

 



comments

Advertisement