By Asbarez | Friday, 27 January 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 26 Յունուարին ընդունած է Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպան Թիան Էրլունը:
Զրուցակիցները քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական գործակցութեան աշխուժացման վերաբերող հարցեր: Կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են տարբեր ոլորտներու մէջ իրականացուող միացեալ ծրագիրներէն եւ անդրադարձած հեռանկարային ուղղութիւններով փոխգործակցութեան զարգացման:
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Չինաստանի կառավարութեան կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուող թեքնիք օժանդակութեան համար՝ միաժամանակ կարեւոր նկատելով յարաբերութիւններու մակարդակի բարձրացումը: <<Ես ուզում եմ, որ չինաստանեան գործարարները Հայաստանում իրենց յարմարաւէտ զգան: Մենք ցանկանում ենք նաեւ Չինաստանի հետ օդային հաղորդակցութիւն հաստատել>>, հաստատած է ան:
Վարչապետը ըսած է, որ կառավարութիւնը շահագրգռուած է Հայաստանի տնտեսութեան մէջ օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումներու ներգրաւմամբ եւ պատրաստ է օժանդակելու Չինաստանի գործարարներուն՝ Հայաստանի շուկային մէջ գործունէութիւն ծաւալելու առումով: Կարէն Կարապետեան առաջարկած է ներկայացնել յստակ ծրագիրներ՝ նշելով, որ անոնք մանրամասն կերպով պիտի քննարկուին կառավարութեան կողմէ:
Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպանը նշած է, որ չինական կողմը եւս կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ տնտեսական գործակցութեան խորացումը եւ կը նախատեսէ կազմակերպել շարք մը նախաձեռնութիւններ, որոնք պիտի նպաստեն ներդրումային միացեալ ծրագիրներու իրականացման:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ