Օրորա-ն կը յայտարարէ գեղարուեստական մրցոյթ

By Asbarez | Saturday, 28 January 2017

0000Aurora pic

<<Օրորա>> մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը յայտարարէ գեղարուեստական մրցոյթ՝ 7-14 տարեկան երեխաներու եւ պատանիներու համար:

Մրցոյթին պէտք է ներկայացնել գեղանկարներ, քանդակներ, փայտագործութեան եւ սերամիք աշխատանքներ, պաթիք (մեղրամոմապատ եւ ներկուած կտաւ), թուային գծանկարչական պատկերներ:

Աշխատանքները պէտք է արտայայտեն մարդկային կեանքի արժեւորման, խիզախութեան, նուիրուածութեան, բարին գործելու եւ լուսաւոր ապագայի մասին գաղափարները:

Գեղարուեստական աշխատանքները պէտք է կատարուած ըլլան 2016ի Յունուար 1էն ետք:

Աշխատանքները ներկայացնելու վերջնական ժամկէտը 2017ի Մարտ 31ն է:

Մրցոյթին մասնակցելու համար անհրաժեշտ է լուսանկարել աշխատանքը եւ ուղարկել art@auroraprize.com ելեկտրոնային հասցէով: Նամակին մէջ պարտադիր է նշել մասնակիցին անունը, ազգանունը, տարիքը, բնակավայրը, հեռաձայնի թիւը, գեղարուեստական դպրոցի անունը եւ ուսուցիչին անուն-ազգանունը:

Մրցոյթի արդիւնքները պիտի ամփոփուին 2017 թուականի Ապրիլին: Լաւագոյն երեք աշխատանքներուն հեղինակները <<Օրորա>> մարդասիրական նախաձեռնութեան կողմէ պիտի ստանան պարգեւներ, իսկ լաւագոյն հինգը բացառիկ հնարաւորութիւն պիտի ունենան մասնակցելու <<Օրորա>> մրցանակի շնորհման արարողութեան 2017ի Մայիս 28ին, Երեւանի մէջ:

2017ի Ապրիլ 24էն մինչեւ Մայիս 28 Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպուի ցուցահանդէս, ուր պիտի ներկայացուին մրցոյթի լաւագոյն աշխատանքները, պիտի կազմակերպուին վարպետութեան դասեր:

Հարցերու պարագային մասնակիցները կրնան գրել art@ auroraprize.com հասցէին կամ հեռաձայնելել 098808917 թիւին:

 



comments