Գաղթականներու մուտքը կասեցնող Թրամփի հրահանգին դէմ բողոքի Ալիքը կ՛ուրճանայ

By Asbarez | Wednesday, 01 February 2017

0201refug

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Մինչ Միացեալ Նահանգներու շարք մը քաղաքներու մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի կ՛ունենան նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ ներգաղթի խնդիրին գծով ստորագրած հրամանագիրին դէմ, երկրին օրէնսդիր եւ իրաւական մարմինները եւս սկսած են իրենց բողոքը արտայայտելու այդ հրահանգին դէմ։

Արդարեւ, Յունուար 30ին, Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ծերակոյտը իր մէկ բանաձեւով՝ <<հակասահմանադրական>> որակեց այդ հրահանգը, իսկ առնուազն 16 նահանգներու ընդհանուր դատախազներ զայն կոչեցին նաեւ՝ <<հակաամերիկեան>>:

Բողոքի այս ալիքը կը ծաւալի նաեւ քաղաքներու եւ գաւառներու մակարդակներու վրայ, իսկ դաշնակցային գետնի վրայ՝ Թրամփ Յունուար 30ի գիշերը որոշեց պաշտօնազրկել երկրի ժամանակաւոր ընդհանուր դատախազ Սելի Եէլթսը, որ յայտարարած էր, թէ ինք պիտի չգործադրէ այդ հրահանգը՝ անոր հակասահմանադրական դրոյթներուն պատճառով։

Յիշենք, որ Թրամփ ստորագրեց <<Երկիրը օտարերկրեայ ահաբեկիչներու մուտքէն պաշտպանելու մասին>> հրամանագիրը, որ 90 օրով (մինչեւ անորոշ թուական երկարաձգուելու հաւանականութեամբ) կ՛արգիլէ 7 երկիրներու՝ Իրանի, Իրաքի, Եմէնի, Լիպիոյ, Սուրիոյ, Սոմալի եւ Սուտանի, բոլոր քաղաքացիներուն մուտքը Միացեալ Նահանգներ, ինչպէս նաեւ 120 օրով կը դադրեցնէ որեւէ գաղթականի մուտքը:

 



comments