By Asbarez | Friday, 03 February 2017
ՏՈՒՊԱՅ, <<Ռոյթըրզ>> - Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, իր ստորագրած հրամանագիրներով, կարճ ժամանակի մը մէջ մեծ վարկ կորսնցուց բովանդակ աշխարհին մէջ։ Այդ հրամանագիրներէն ամէնէն ցնցիչն էր իսլամական եօթը երկիրներու քաղաքացիներուն Ամերիկա մուտքը արգիլող հրամանագիրը։
Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի, որուն երկիրը նշեալ 7 երկիրներէն մէկն է, խիստ ոճով քննադատեց Թրամփի այս որոշումը՝ ըսելով. <<Ներկան ժողովուրդներու միջեւ խտիր դնելու ժամանակ չէ՛։ Ուրիշ երկիրներու քաղաքացիներուն մուտքի արտօնագիրները ջնջելը՝ քաղաքական կեանքէն ներս նոր մուտք գործած համբակ քաղաքագէտներու գործ է։ Ասոնք անձեր են, որոնք քաղաքական կեանքէ ներս մտած են՝ առանց փորձառութիւն ունենալու։ Շատ ժամանակ պէտք է անցնի, որպէսզի այսպիսիները հասկնան, թէ աշխարհի մէջ ինչե՜ր կը պատահին։ Իսկ ասիկա շա՜տ սուղ պիտի արժէ Ամերիկային>>։
Ռոհանի աւելցուց, որ Իրան Թրամփի այս որոշումին դէմ փոխադարձ միջոցներու պիտի դիմէ՝ իրաւական ու քաղաքական գետնի վրայ։
Իր կարգին, Իրանի գերագոյն կրօնապետի աւագ խորհրդական Ալի Աքպար Վելայէթի Փետրուար 2ին <<անփորձառու>> ղեկավարի մը արարք համարեց մէկ օր առաջ կատարուած Թրամփի այն սպառնալիքը, թէ Ամերիկա կրնայ պատժական քայլերու դիմել, եթէ Իրան շարունակէ երկարահաս հրթիռներու փորձարկումները։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ