Գերի ինկած Ատրպէյճանցի զինուորը որեւէ գանգատ չէ ներկայացուցած

By Asbarez | Saturday, 04 February 2017

0204azeriprisoner

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Նիուզ>> - Ուրբաթ, Փետրուար 3ին Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեան այցելած է Ատրպէյճանի քաղաքացի Էլնուր Հուսէյն Զադէին, որ գերի ինկած էր Փետրուար 1ին՝ խափանարարական գործողութիւն կատարելու նպատակով Արցախի սահմանը հատելու պահուն:

Այցելութեան ընթացքին Մելիքեան հաւաստիացած է, որ Հուսէյն Զադէին տրամադրուած է հանրային պաշտպան եւ ատրպէյճաներէնի թարգմանիչ, որոնց մասնակցութեամբ արդէն իսկ կատարուած են շարք մը դատավարական գործողութիւններ:

Առանձին հանդիպման ընթացքին ատրպէյճանցի գերին  առողջական վիճակին կամ իր նկատմամբ վատ վերաբերմունքին մասին որեւէ գանգատ չէ ներկայացուցած:

Մարդկային իրաւանց պաշտպանը պատրաստակամութիւն յայտնած է իր լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ աջակցելու Հուսէյն Զադէի հիմնարար իրաւունքներու կենսագործման:

 



comments