By Aztag Daily | Tuesday, 07 February 2017

Միացեալ Նահանգներու վերադատ ատեանը մերժեց ուրբաթ օր դաշնակցային դատաւորի մը կողմէ չեղեալ յայտարարուած` ճամբորդներու մուտքը արգիլելու որոշումը վերականգնելու Թրամփի վարչակազմի դիմումը:
<<Պի.Պի.Սի.>> կը հաղորդէ, որ ուշ գիշերին արձակուած վճիռին հիմամբ ճամբորդութեան արգիլման որոշումը պիտի շարունակէ մնալ առկախուած` մինչեւ դատական հոլովոյթի աւարտը:
Սպիտակ տան եւ նահանգներուն կողմէ դատարանին որոշումը բողոքարկելու համար ճշդուած ժամկէտը կ՛աւարտի այսօր: Երկու նահանգներ` Ուաշինկթընն ու Մինիսոթան կը պնդեն, որ 7 իսլամական երկիրներէ ճամբորդներու Միացեալ Նահանգներ մուտքը արգիլող որոշումը հակասահմանադրական է: Անոնք նաեւ նշեցին, որ հրամանագիրը իսլամները թիրախ դարձնելով կ՛ոտնահարէ կրօնի ազատութեան իրաւունքը:
Արդարադատութեան դատարանը իր բողոքարկման մէջ նշած էր, որ միայն նախագահը կրնայ ճշդել, թէ ո՛վ կրնայ Միացեալ Նահանգներ մուտք գործել` աւելցնելով, որ նահանգները նախագահի գործադիր հրամանագիրը վիճարկելու լիազօրութիւնը չունին:
Վերոնշեալ եօթը երկիրներէն մէկը` Իրաքը ողջունեց ճամբորդութեան արգիլման որոշումի չեղեալ յայտարարուիլը` զայն նկատելով <<ճիշդ ուղղութեամբ քայլ մը>>:
Իրան իր կարգին յայտնեց, որ դաշնակցային դատաւորի որոշումին լոյսին տակ Միացեալ Նահանգներու ըմբշամարտի խումբին պիտի արտօնէ մասնակցիլ իր հիւրընկալութեամբ աշխարհի ախոյեանութեան:
Թրամփ դաշնակցային դատաւոր Ճէյմս Ռոպարթի որոշումը նկատած էր <<ծիծաղելի>>, դատաւորը կոչած <<այսպէս կոչուած դատաւոր>> եւ խոստացած վերականգնել ճամբորդութեան արգելքը:
Դատաւոր Ռոպարթ 2004-ին դաշնակցային դատարանի անդամ նշանակուած էր նախկին նախագահ Ճորճ Ու. Պուշի կողմէ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ