By Asbarez | Tuesday, 07 February 2017

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Երկուշաբթի, 6 Փետրուարին, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, թշնամիին գնդակով մահացու վէրք ստացած է ՊԲ զինուոր, 1997ի ծնունդ Գոռ Համազասպի Գարեգինեանը:
<<ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն>>, ըսուած է ՊԲի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Նահատակ զինուոր Գոռ Գարեգինեան Ախուրեանի տարածաշրջանի Շիրակ համայնքէն էր, ընտանիքի աւագ որդին: Շիրակի գիւղապետ Խորէն Յարութիւնեան յայտնած է, որ Գոռը երկու անչափահաս եղբայր ունի:
<<Գոռը բանակ էր զօրակոչուել անցած տարի աշնանը: Նրանց ընտանիքն արդէն երկար ժամանակ է հանրապետութիւնում չի գտ-նւում, Ռուսաստան էին տեղափոխուել, որովհետեւ այստեղ ապրել չէին կարողանում, տնակում էին ապրում>>, ըսած է գիւղապետը:
Նշենք, որ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան նահատակ Գոռ Գարեգինեանը յետ մահու պարգեւատրած է <<Մարտական Ծառայութիւն>> մետալով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ