By Asbarez | Friday, 10 February 2017

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ամերիկայի Ձայն>> - Զարմանալի է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, որ սովորաբար արագօրէն կ՛արձագանգէ աշխարհի տարածքին որեւէ իսլամ երկիրի մը հետ կապուած խնդիրներուն, ցարդ լուռ կը մնայ ի տես իսլամական եօթը երկիրներու քաղաքացիներուն Ամերիկա մուտքը արգիլող նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրահանգին, որ ցնցեց ոչ միայն Միացեալ Նահանգները, այլեւ՝ մեծ թիւով այլ երկիրներ:
Պոլսոյ <<Քատըր Հաս>> համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու հարցերով փորձագէտ Սէօլի Օզել այս մէկը որակած է՝ <<խլացնող լռութիւն>>:
<<Եթէ ես Էրտողանի ջատագովը ըլլայի, պիտի ըսէին, թէ անոր լռութենէն յուսախաբ եմ եւ ընկճուած: Սակայն շատ յստակ է, որ Էրտողան չ՛ուզեր հակադրուիլ Թրամփին, որովհետեւ անկէ ակնկալիքներ ունի>>, կ՛ըսէ փորձագէտը:
Էրտողան նախ կ՛ուզէ, որ Ամերիկա դադրեցնէ Սուրիոյ քրտական ուժերուն ցուցաբերուող ռազմական աջակցութիւնը: <<Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ>> միաւորումը այսօր կը մասնակցի Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքը <<Իսլամական պետութեան>> զինեալներէն ազատագրելու մարտերուն, իսկ Փենթակոնը վերջերս ռազմական փոխադրակառքեր տրամադրած էր անոր՝ մտահոգելով Անգարան, որ այդ խմբաւորումը կը նկատէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան մէկ մասնաճիւղը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ