By Aztag Daily | Monday, 13 February 2017

Ազրպէյճանի սահմանադրական դատարանի աշխատակազմի ղեկավար Ռաուֆ Կուլիեւ ազրպէյճանական <<Թրենտ>> լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ երկրին սահմանադրութեան եւ համապատասխան օրէնսդրութեան մէջ գոյութիւն ունին բոլոր երաշխիքները Ալեքսանտր Լափշինի նկատմամբ յարուցուած քրէական գործով <<առարկայական եւ արդար քննութիւն>> կատարելու համար:
<<Քանի որ յանցագործութիւնը կատարուած է Ազրպէյճանի տարածքին մէջ, Պիելոռուսիոյ լիազօր մարմիններուն կողմէ Լափշինի Ազրպէյճանին փոխանցումը կատարուած է այդ մարզը կարգաւորող միջազգային համաձայնագիրներու արժեչափերուն պահպանումով>>, ըսած է Կուլիեւ:
Ըստ անոր, մեղադրեալին իրաւական պատասխանատուութիւնը եւ մեղքի աստիճանը <<պէտք է որոշէ Ազրպէյճանի համապատասխան դատարանը>>:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով իր կարգին մէկ օր առաջ <<ՌԻԱ Նովոսթի>>-ին յայտնած էր, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները վրդոված են Ալեքսանտր Լափշինի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին քաղաքականացումով, անոր ճակատագիրը պիտի որոշէ դատարանը:
<<Զիս կը զարմացնէ եւ կը վրդովեցնէ այդ հարցին աւելորդ քաղաքականացումը: Անընդհատ զինք պլոկըր կը կոչեն: Իսկ եթէ երկրաչափ ըլլար, անով պիտի չհետաքրքրուէ՞ին: Ան խախտած է օրէնքները, եւ իրաւական հիմնաւորումով յարուցուած է քրէական գործ, որուն հիման վրայ Ինթերփոլին ներկայացուած է դիմում, որուն համաձայն ալ զինք ձերբակալած է պիելոռուսական կողմը: Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան ծիրին մէջ` Քիշնեւի հռչակագիրին համաձայն: Շահարկումները այն հարցին շուրջ, որ ան պլոկըր է, չի նշանակեր, որ ան օրէնքին առջեւ անձեռնմխելիութիւն ունի>>, յայտարարած է ան:
Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի օգնական Նարեկ Մալեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. <<Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան հարցումին ի պատասխան, Ինթերփոլի ընդհանուր քարտուղարութենէն այսօր պատասխանեցին, որ Ալեքսանտր Լափշին Ինթերփոլի հաշուառումներով երբեք չէ անցած, միջազգային հետախուզման մէջ երբեք չէ եղած>>:
Մարդկային Իրաւանց Պաշտպաններու Եւրոպական Հիմնարկը
Խիստ Մտահոգիչ Կը Նկատէ Լափշինի Ձերբակալութիւնն Ու Արտայանձնումը
Մարդկային իրաւանց պաշտպաններու եւրոպական հիմնարկը պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի ձերբակալութեան, արտայանձնման եւ խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ հրապարակած է պաշտօնական յայտարարութիւն մը:
<<Արմէնփրես>> կը ներկայացնէ յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ.
<<Լրագրող եւ պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի ձերբակալութիւնն ու հետագային անոր արտայանձնումը խոր մտահոգութեան առարկայ է: Տուեալ դէպքը կրնայ յանգեցնել խօսքի եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ազատութիւնը խախտող անթոյլատրելի իրավիճակի:
<<Հաշուի կ՛առնուի այն փաստը, որ քաղաքացիական հասարակութեան անդամներու եւ լրագրողներու Լեռնային Ղարաբաղ այցելութիւնները ունին անգնահատելի նշանակութիւն մարդասիրական տեսանկիւնէն եւ այդտեղ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ առարկայական տեղեկութիւններ տրամադրելու առումով: Որեւէ գործողութիւն, որ ուղղուած է զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու ժողովրդավարական առաքելութիւնը տարածքային առումով սահմանափակելուն, ենթակայ է խիստ դատապարտման: Ա. Լափշինի արտայանձնման որոշումը իսկական սպառնալիք է եւրոպական արժէքներու հիմքը եղող` խօսքի եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ազատութեան համար. այդ ձեւով լրջօրէն կը վտանգուին մարդու իրաւունքներու արժէքները:
<<Վերը նշուածէն բացի, Ալեքսանտր Լափշինի արտայանձնումը մտահոգիչ է անոր խոշտանգումին եւ անմարդկային վերաբերմունքի ենթարկուելու իրական կարելիութեան պատճառով: Ա. Լափշինի նկատմամբ վատ վերաբերմունքի ակնյայտ վկայութիւնն է այն, որ անոր ձերբակալումը եւ մէկ այլ շրջան տեղափոխելը լայնօրէն լուսաբանուեցաւ զանգուածային լրատուամիջոցներով` ձեռնաշղթայուած, բերման ենթարկելը դիմակաւորուած եւ զինուած զինուորականներու կողմէ: Լրագրողին նկատմամբ այսպիսի վերաբերմունք անթոյլատրելի է:
<<Յատկապէս անհանգստացնող է այն, որ որոշ լրագրողներէն արդէն իսկ ստացուող շարք մը տեղեկութիւններու համաձայն, որոշ անձեր նամակներ կ՛ուղարկեն լրագրողներու` սպառնալով հետապնդման ենթարկել զանոնք անոնց լրագրական գործունէութեան համար: Անընդունելի է օգտագործել այս անթոյլատրելի քայլը արհեստական հետապնդումներու եւ լրագրողներու ու քաղաքացիական հասարակութեան գործիչներու իրաւունքներու ոտնահարման նպատակով:
<<Մարդկային իրաւանց պաշտպաններու եւրոպական հիմնարկը կ՛ողջունէ որեւէ տարածքի մէջ, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղը եւ այլ շրջաններ, խօսքի ազատութիւնը պաշտպանող արձագանգները, որոնք արդէն իսկ կատարուած են ԵԱՀԿ-ի զանգուածային լրատուամիջոցներու հարցերով յատուկ ներկայացուցիչի, եւրոպական առանձին պաշտօնեաներու եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէ:
<<Այդպիսի անթոյլատրելի գործելաոճ կանխարգիլելու համար անիկա պէտք է հակադարձուի խիստ դատապարտումով>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ