By Aztag Daily | Monday, 13 February 2017

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Մոսկուա մեծ ջանքեր կը թափէ Սուրիան միացեալ պահելու նպատակով Սուրիոյ կառավարութեան եւ քիւրտերուն միջեւ փոխադարձ հասկացողութիւնը դիւրացնելու համար:
Լաւրով ռուսական <<Իզվեսթիա>> օրաթերթին յայտնեց, որ յունիս-դեկտեմբեր 2016 ժամանակաշրջանին երկու կողմերուն միջեւ ռուսական միջնորդութեամբ ուղղակի կամ անուղղակի չորս բանակցութիւններ տեղի ունեցած են:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ այդ հանդիպումներուն ընթացքին Սուրիոյ կառավարութեան պատուիրակութիւնը քննարկումներ կատարած է Սուրիոյ քիւրտերու քաղաքական եւ հասարակական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ, ներառեալ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները:
Ան յայտնեց, որ երկու կողմերը բազմաթիւ կէտերու մէջ համակարծիք են, եւ վերջին շրջանին յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրուի եւ ատիկա լաւագոյն փաստն է, որ երկու կողմերը կարողութիւն ունին <<փոխադարձ հասկացողութիւններու հասնելու>>:
Միւս կողմէ, <<Մայատին>> կը հաղորդէ, որ ծայրայեղական իսլամներու դաշնակցութիւն եղող Թահրիր Շամ զինեալ խմբաւորումի զինուորական հրամանատար Հաշեմ Շէյխ 9 փետրուարին յայտարարած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքին մէջ կառավարական բանակին դէմ <<նոր ճակատամարտ>> սկսելու մասին:
Շէյխ տեսերիզի մը ճամբով կոչ ուղղած է <<բոլոր միջոցները ենթարկելու զօրաշարժի>>:
Ժապհաթ Թահրիր Շամի մաս կազմած են Նուրետին Զենքի, Ժէյշ Սուննա, Ժապհաթ Անսարուտին եւ Լիուա Հաք զինեալ խմբաւորումներու այն զինեալները, որոնք դէմ են Սուրիոյ մէջ հաստատուած զինադադարին: Անոնք <<դաւաճանութեան>> մէջ մեղադրած են զինեալ ընդդիմութեան այն բոլոր խմբաւորումները, որոնք 23-24 յունուարին Ասթանայի մէջ մասնակցած են Սուրիոյ հարցով խորհրդաժողովին:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Դամասկոսի մէջ զինուորական փորձագէտները Ժապհաթ Թահրիր Շամի լոյս աշխարհ գալը գնահատած են իբրեւ Ժապհաթ Նուսրայի երկրորդ վերափոխումը, որ 2013-էն ի վեր կը նկատուի Քայիտայի սուրիական մասնաճիւղը: Անցեալ տարուան յուլիսին զինեալ խմբաւորման ղեկավար Ապու Մուհամետ Ժուլանի նախկին Ժապհաթ Նուսրա անունը փոխած էր Ժապհաթ Ֆաթհ Շամի եւ յայտնած Քայիտայէն անջատուելու մասին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ