Վարչապետը Ամերիկայի դեսպանին հետ քննարկած է կաշառակերութեան դէմ պայքարի ընթացքը

By Asbarez | Saturday, 11 February 2017

0211ambmills

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Մենք պատրաստ ենք աշխատելու Հայաստանի պետական կառոյցներուն հետ, որոնք կաշառակերութեան դէմ պայքարելու իրական կամք կը դրսեւորեն, յայտարարած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ՝ Ուրբաթ, 10 Փետրուարին,  վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք:

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Տեպրա Կրիսըր:

Կողմերը քննարկած են կաշառակերութեան դէմ Հայաստանի կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեան եւ այդ ուղղութեամբ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Վարչապետը անդրադարձած է ցարդ կառավարութեան  նախաձեռնած օրէնսդրական բարեփոխումներուն, ընդունուած որոշումներուն, կաշառակերութեան դէմ պայքարի խորհուրդի ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ընելիքներուն:

<<Կոռուպցիայի դէմ պայքարին ուղղուած քայլերը յաջողելու եւ հետեւողականութիւն ապահովելու գործում մեծապէս կարեւորում եմ հասարակութեան ակտիւ քաղաքացիական դիրքորոշումը, կառավարութիւն-հասարակութիւն յետադարձ գործուն կապը եւ գործընկեր կառոյցների հետ կառուցողական համագործակցութիւնը: Ցանկանում եմ եւս մէկ անգամ ընդգծել, որ կառավարութիւնը բաց է քննարկումների եւ առաջարկութիւնների  համար>>, ըսած է վարչապետը:

Դեսպան Միլզ գոհունակութիւն յայտնած է կաշառակերութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ կառավարութեան կողմէ կատարուող քայլերուն առնչութեամբ եւ ողջունած է վարչապետի հրապարակային յայտարարութիւններն  ու գործողութիւնները այդ գծով: Դեսպանը նշած է, որ դեռեւս ընելիքներ կան, եւ ԱՄՆը պատրաստ է իր ունեցած միջոցներով աջակցիլ Հայաստանի0 կառավարութեան:

<<Հայաստանին կոռուպցիայի դէմ պայքարում աջակից լինելու Միացեալ Նահանգների յանձնառութեան վերաբերեալ կասկած չի կարող լինել: Մենք պատրաստ ենք աշխատել ՀՀ պետական կառոյցների հետ, որոնք կոռուպցիայի դէմ պայքարելու իրական կամք են դրսեւորում>>,  ըսած է ԱՄՆի դեսպանը:

 

 



comments