By Aztag Daily | Tuesday, 14 February 2017

<<ՌԻԱ Նովոսթի>> կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ, արտաքին կապերու հարցերով ղեկավար Նովրուզ Մամետով յայտարարած է, որ Ռուսիոյ քաղաքացի պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի գործը չի կրնար փճացնել ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները եւ այդ հարցը չ՛արժեր քաղաքականացնել:
<<Ատիկա իրաւական հարց է, ատոր քաղաքականացումը անթոյլատրելի է: Այստեղ կ՛երեւին միջպետական յարաբերութիւնները փճացնելու փորձեր: Ռուսիան մեծ երկիր է: Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները լայն են, մեծ պատմութիւն ունին: Երկիրներու միջեւ կան ամուր ռազմավարական կապեր: Կարելի չէ վնաս հասցնել մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն>>, ըսած է Մամետով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ