By Asbarez | Tuesday, 14 February 2017
ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>> - <<Հըզպալլա>>ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Փետրուար 12ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Սուրիոյ իրավիճակին։ Ան շեշտեց, որ Հալէպի մէջ արձանագրուած յաղթանակէն ետք շատ բան փոխուած է Սուրիոյ մէջ, եւ աւելցուց, թէ հոն ժողովրդագրական յատկանշական փոփոխութիւններ չե՛ն արձանագրուած, այլ կան բազմաթիւ շրջաններ, որոնք կայունութիւն կը վայելեն: Նասրալլա հաստատեց, թէ <<Հըզպալլա>> կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ որեւէ զինադուլի, որպէսզի արիւնահեղութեան վերջ տրուի եւ երկրի տագնապներուն քաղաքական լուծումներ գտնուին:
Նասրալլա կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան, որ խորհրդակցի Սուրիոյ կառավարութեան հետ, սուրիացի գաղթականները Սուրիոյ ապահով վայրերը վերադարձնելու նպատակով:
Ան դիտել տուաւ, որ այդ գաղթականներուն հսկայական թիւը բոլոր լիբանանցիներուն համար ծանր բեռ է՝ միաժամանակ նշելով, որ <<Հըզպալլա>> պատրաստ է այդ գծով օժանդակելու կառավարութեան ջանքերուն:
Նասրալլա իր ճառը եզրափակեց պատասխանելով այն մեկնաբանութիւններուն, թէ <<Հըզպալլա>> վերջերս մտավախութիւններ ունի իր ուժին ու թիւին գծով:
Ան յայտնեց, որ երբ Լիբանանի մէջ 100,000 իսրայէլացի զինուորներ կամ օտար երկիրներու զինուորներ ու մարտանաւեր կային, <<Հըզպալլա>>ի զինեալներուն թիւը աւելի քիչ էր, սակայն՝ իրենք երբեք չէին վախցած: <<Աւելի ուշ, Ճորճ Պուշ պատերազմ մը սանձազերծեց, եւ մենք չվախցա՛նք: 1985ին, 2000ին եւ 2006ին իրագործեցինք յաղթանակներ ու մեծ նուաճումներ՝ տապալելով իսրայէլեան անպարտելի ուժերը: Իսկ այսօր յաղթանակներ կ՛արձանագրենք Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, հետեւաբար, ո՛չ Թրամփ, ո՛չ Պուշ եւ անոնց հայրերը իրենց ցեղապաշտութեամբ պիտի կարենան յաղթել մեզի: Մենք մտահոգ չենք, այլ՝ լաւատես, որովհետեւ Սպիտակ տան բնակիչը տխմար մըն է, եւ այս իրականութիւնը բերկրանք կը ներշնչէ>>, ըսաւ Նասրալլա:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ