By Asbarez | Thursday, 16 February 2017
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան Պոլսոյ երեսփոխաններէն Սելինա Տողան, Փետրուար 14ին ելոյթ ունեցաւ խորհրդարանին մէջ ու պահանջեց, որ ջնջուի արուեստի ու մշակոյթի արտադրութիւններուն վրայ դրուած տուրքը։ Վերջերս խորհրդարանը ընդունած էր որոշում մը, որ կը ջնջէր զանազան գոհարեղէններու ու զբօսանաւերու վրայ դրուած տուրքերը։ Ան յիշեցնելով այս կէտը՝ պահանջեց, որ նմանօրինակ պաշտպանութեան տակ առնուին նաեւ արուեստի ու մշակոյթի գործերը։
Տողան նաեւ անդրադարձաւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեանց տեղեկագիրներու, որոնք ցոյց կու տան, թէ Թուրքիա առաջին կարգի վրայ կու գայ այն երկիրներու ցանկին մէջ, ուր արուեստագէտներու նկատմամբ լուրջ անիրաւութիւններ կը կատարուին ու ճնշումներ կը բանեցուին։ <<Որպէսզի Թուրքիա դուրս գայ այդ սեւ ցանկէն, պայման է, որ կառավարութիւնը վերցնէ արուեստագէտներու վրայ գործուած ճնշումները, ջնջէ նաեւ այն տուրքերը, որոնք դրուած են արուեստի ու մշակոյթի արտադրութիւններու վրայ>>, ըսաւ ան։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ