Իրան կը պատասխանէ Էրտողանի ամբաստանութեանց

By Asbarez | Friday, 17 February 2017

0217iran trk

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութեան, թէ Թեհրանը մտադրութիւն ունի Իրաքն ու Սուրիան մասնատելու:

Ըստ թրքական <<Տողան>> լրատու գործակալութեան՝ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Իրաքի մէջ Իրանի ներկայութիւնը հիմնուած է այդ երկրի օրինական իշխանութեանց խնդրանքին վրայ եւ կը նպատակադրէ պայքարիլ այն ահաբեկչութեան դէմ, որուն հետեւանքները բազմիցս թափանցած են մինչեւ Թուրքիոյ սիրտը:

<<Իրանի առաջնահերթութիւնը տարածաշրջանի ապահովութեան եւ կայունութեան երաշխաւորումն է: Այս խնդիրը կարելի է լուծել՝ առանց իրարմէ զանազանելու  ահաբեկիչներուն աջակցող քաոսին դերակատարներն ու իսկապէս կայունութիւն փափաքողները: Տարածաշրջանի առաջնորդներուն մէջ ամէնէն առաջ Էրտողա՛նը պէտք է գիտնայ, որ շրջանին եւ յատկապէս Իրաքի մէջ որքա՛ն կառուցողական դեր ունի Իրանը: Մտահոգիչ է տարածաշրջանի ահաբեկչական խմբաւորումներուն բացայայտ կամ գաղտնի աջակցիլն ու զանոնք օգտագործելը, դրացի երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը չյարգելը, որոնք կ՛ըլլան տարածաշրջանի անկայունութեան շարունակման պատճառը>>, ըսուած է իրանեան կողմի յայտարարութեան մէջ, որ յստակ քննադատութիւն մըն է Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ապակայունացնող քայլերուն:

 



comments