Թրքական ռազմափորձեր Կարսի մէջ

By Asbarez | Friday, 17 February 2017

0217gars

ԱՆԳԱՐԱ - Փետրուար 14-16ին, Թուրքիոյ զինեալ ուժերը Կարս նահանգին մէջ ձմեռնային զօրավարժութիւններ կատարած են: Ըստ թրքական <<Անատոլու>> լրատուական գործակալութեան՝ Թուրքիոյ սպայակոյտը հաղորդած է, թէ ռազմափորձերուն մասնակցած են ցամաքային եւ օդային ուժեր:

Երկու տարին մէկ անգամ կազմակերպուող ձմեռնային զօրավարժութեան նպատակն է ստուգել Թուրքիոյ զինուժի ունակութիւնները ձմեռնային պայմաններու մէջ:

Զօրավարժութիւններուն հետեւած են Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի զինեալ ուժերու ներկայացուցիչները:

 



comments