Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի դիտորդական առաքելութեան անդամները հանդիպած են Արցախի հասարակական կազմակերպութիւններու հետ

By Aztag Daily | Wednesday, 22 February 2017

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի դիտորդական առաքելութեան անդամները 18 փետրուարին հանդիպում ունեցած են Արցախի մէջ գործող շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու  ներկայացուցիչներու հետ:

Հանդիպումին ընթացքին եւրոպական 8 երկիրներէ Արցախ հասած դիտորդները հետաքրքրուած են հանրաքուէի քարոզարշաւի ընթացքին, սահմանադրութեան նախագիծին քաղաքացիներու իրազեկուածութեան եւ այլ հարցերով:


comments

Advertisement