Նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է սահմանադրական հանրաքուէի միջազգային դիտորդները

By Aztag Daily | Wednesday, 22 February 2017



Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը հաղորդէ, թէ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 18 փետրուարին ընդունած է Սահմանադրական հանրաքուէի ընթացքին դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու նպատակով Արցախ հասած` Լաթվիոյ, Սլովենիոյ, Իսպանիոյ, Բրիտանիոյ, Ռումանիոյ, Սլովաքիոյ եւ Պելճիքայի պատուիրակութիւններու անդամները, որոնց կազմին մէջ էին իրաւագէտներ, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ:

Նախագահը կարեւոր նկատած է արտերկրէն հասած  պատուիրակութիւններու դիտորդական առաքելութեան նշանակութիւնը հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու ամրապնդման, տարբեր երկիրներու մէջ Արցախի մասին ճշմարտացի տեղեկութիւններու ներկայացման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու  զարգացման տեսանկիւններէն:

Հանդիպումին ընթացքին արծարծուած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետականաշինութեան, արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, շրջանային հոլովոյթներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

comments

Advertisement